2018-04-19 14:54:00

Մխիթարեան միաբանութիւնը 2018-2019 տարեշրջանի վերամուտը պիտի կատարէ Լիբանանի նորաբաց վարժարանին Մէջ


Սփիւռքի կազմակերպութիւններն ու կառոյցները` բեղուն եւ յարատեւ գործունէութիւն մը ծաւալելու առհաւատչեան, պայմանաւորուած են իրենց գոյութեան ու աշխատանքային հիմնական առաջադրանքը, իւրայատուկ ոգին եւ գաղափարային ինքնութիւնը պահելու, ամրապնդելու եւ այժմէականացնելու ջանքէն:

Այս բնագաւառին մէջ, հայ ժողովուրդի հոգեւոր, գրական, կրթական եւ ազգային հոլովոյթին մէջ ինքզինք պարտադրող երեքհարիւրամեայ մնայուն ներկայութիւն մըն է Մխիթարեան միաբանութեան անունը, որուն գործն ու դերակատարութիւնը դարաշրջան կազմած է մեր ազգային պատմութեան էջերուն մէջ:

Մխիթարեան միաբանութիւնը իր դարաւոր աւանդութեամբ, վաստակով ու անվերապահ նուիրումով, հայ ժողովուրդի հոգեմտաւոր եւ ուսումնագիտական բարգաւաճումն ու որակը իր գլխաւոր կիզակէտը դարձուցած էր, հայապահպանման իր առաքելաջան ծառայութեան հորիզոնին վրայ:

Այդ ոգիով եւ սկզբունքով, Մխիթարեան միաբանութիւնը տասնամեակներ շարունակ Լիբանանի մէջ պատրաստած էր ազգային ու հոգեւոր շունչով թրծուած հոյլ մը սերունդներ, որոնք անսակարկ սպասաւորած են հայ դպրութեան եւ հանրային կեանքի այլազան ասպարէզներուն մէջ:

Այսօր եւս, հաւատարիմ իր առաքելութեան եւ գաղափարականին, Մխիթարեան միաբանութիւնը որոշում կայացուցած է Լիբանանի Հազմիէի շրջանին մէջ գործող վարժարանը տեղափոխել Ռաուտայի նորակառոյց դպրոցի շէնքին մէջ, նոր տնօրէնութեամբ, մասնագիտացած անձնակազմով, վերանորոգ հոգիով, նորարարութիւններով օժտուած կառոյցով. գերագոյն նպատակ ունենալով լիբանանահայ աշակերտին ջամբել բարձրորակ ուսում եւ լաւագոյն կրթութիւն, լուսաւորչեան հաւատք եւ անխարդախ ազգասիրութիւն` դառնալով սփիւռքի մէջ մեսրոպեան անմար ջահը վառ պահող կրթօճախը, 21-րդ դարու արդիական տուեալներով եւ միջոցներով:

Արդարեւ, միաբանութիւնը 2018-2019 ուսումնական տարեշրջանին համար վերամուտ պիտի կատարէ Ռաուտայի շրջանին մէջ իր նորաբաց վարժարանին մէջ, նոյն թափով եւ նոյն վճռակամութեամբ դարբնելու իրենց  ազգային ինքնութեան տէր հանդիսացող, զարգացած ու հայրենասէր նոր սերունդներ:

ԴԻՒԱՆ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՄԻԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ








All the contents on this site are copyrighted ©.