2018-04-19 09:29:00

Թրամփ կը հաստատէ. «Փոմփէօ հանդիպում ունեցած է Քիմ Չեն Ընի հետ»


Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ հաստատած է, որ «Սի.Այ.Էյ.»-ի նախկին ղեկավար, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնի թեկնածու Մայք Փոմփէօ հանդիպում ունեցած է Հիւսիսային Քորէայի ղեկավար Քիմ Չեն Ընի հետ: «Կազեթա» կը հաղորդէ, որ Թրամփ այս մասին գրած է «Թուիթըր»-ի վրայ:

Թրամփի համաձայն, հանդիպումը շատ լաւ անցած է, Ընի հետ հանդիպումին մանրամասնութիւնները ներկայիս կը մշակուին: «Ապահիւլէականացումը հիանալի բան պիտի ըլլայ ամբողջ աշխարհի համար», գրած է ան:

Նախապէս գաղտնի հանդիպման մասին հաղորդած էր «Տը Ուաշինկթըն Փոսթ» օրաթերթը: Նշենք, որ մայիսին կը նախատեսուի Թրամփի եւ Ընի հանդիպումը:








All the contents on this site are copyrighted ©.