2018-04-19 09:33:00

Բազմամարդ ցոյցերը շարունակուեցան Երեւանի մէջ։


Չորեքշաբթի 18 ապրիլի առաւօտեան Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող բողոքի ցոյցերու եւ հաւաքներու մասնակիցները հասած են խորհրդարանի շէնքի մօտակայքը եւ ուղղուած դէպի Բաղրամեան 26:

Ազգային ժողովի պատգամաւոր, Քաղաքացիական պայմանագիր կուսակցութեան վարչութեան անդամ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ հաւաքի մասնակիցները 18 ապրիլին կրկին փակած են Ֆրանսայի հրապարակը:

Առաւօտեան ժամը 10:00-ին Նիկոլ Փաշինեանը հասած էր Ֆրանսայի հրապարակ, ուր հաւաքուած քաղաքացիներուն հետ փակած է Մաշտոցի պողոտայի այդ հատուածը: «Մեր շարժումը ունի աջակցութիւն: Շնորհակալութիւն բոլոր անոնց, որոնք մասնակցած են այս ցոյցերու կազմակերպման», ըսած է Նիկոլ Փաշինեանը:

Երէկ կէսօրէ առաջ Հայաստանի ոստիկանները մեծաթիւ ուժերով կը փորձէին բանալ Ֆրանսայի հրապարակի երթեւեկութիւնը. անոնք օղակած էին հրապարակը: Այդտեղէն հանրակառքով երիտասարդներ տեղափոխուած են: Օրուան ընթացքին բերման ենթարկուած են մեծ թիւով ցուցարարներ:

Նոյնպէս երէկ կէսօրէ առաջ «Ելք» խմբակցութեան ղեկավար Նիկոլ Փաշինեանը առաջարկած է շարժիլ Բաղրամեանէն դէպի նախարարութիւններու շէնքեր` զանոնք շրջափակելու նպատակով:

Մաշտոցի պողոտայ-Սայաթ Նովա հատուածէն ոստիկանները բերման ենթարկած են փոքր խումբով փողոցը փակած ցուցարարներ:

Երթի մասնակիցները հասած են նաեւ Երեւանի պետական համալսարան, ապա Խ. Աբովեանի անուան մանկավարժական համալսարան եւ կոչ ուղղած ուսանողներուն դասադուլ ընելու եւ միանալու ցոյցին:

Այս ընթացքին Փաշինեան բարձրախօսով  յորդորած է քաղաքացիները «դուրս ելլել եւ տէր կանգնիլ երկրին ու ազատութեան»:

Ան նաեւ քաջալերած է ոստիկանութեան կողմէ բերման ենթարկուած ցուցարարները եւ յորդորած ոստիկանութիւնը` ազատ արձակել զանոնք:

Երթի մասնակիցներու շարքին ակնյայտ եղած է նաեւ մեծաթիւ դպրոցականներու ներկայութիւնը:

Երէկ երեկոյեան ժամը 8:00-ին Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակին վրայ «Իմ քայլը» նախաձեռնութեան հանրահաւաքին ցուցարարները 100 մեթր երկարութեամբ եռագոյն դրօշ մը բացած էին:

Հանրապետութեան հրապարակին վրայ սկիզբ առած է Ազգային ժողովի «Ելք» խմբակցութեան պատգամաւոր Նիկոլ Փաշինեանի ղեկավարած «Իմ քայլը» նախաձեռնութեան հանրահաւաքը:

Հանրահաւաքին կարճ ելոյթներով հանդէս եկած են շարժման գործիչներէն Արմէն Գրիգորեանը, Քաղաքացիական պայմանագիր կուսակցութեան վարչութեան փոխնախագահ Սուրէն Պապիկեանը:

Ելոյթ ունեցած է նախաձեռնութեան առաջնորդ Նիկոլ Փաշինեանը: Ան  ներկայացուցած է սպասուող գործողութիւններու ծրագիրը եւ յորդորած է  քաղաքացիները, գիւղերու բնակիչները` պահանջել համայնքներու, գիւղերու ղեկավարներէն` միանալ «թաւշեայ յեղափոխութեան»:

«Մենք պէտք է կարենանք այնպէս ընել, որ Հայաստանի Հանրապետութեան իւրաքանչիւր նախարարութեան, գերատեսչութեան,  վարչական շրջանի ղեկավարներու աշխատանքային շէնքերուն մէջ  սկսին եւ տեղի ունենան հարիւրաւոր քաղաքացիներու նստացոյցեր»:

Աւելի ուշ Նիկոլ Փաշինեանը առաջարկած է երթով ուղղուիլ Բաղրամեան պողոտայ: Ան հաւաքուած քաղաքացիներուն կոչ ուղղած է զերծ մնալու սադրանքներէ եւ բախումներու չերթալու:

Աւելի ուշ, ցուցարարները Հանրապետութեան հրապարակէն ուղղուած են դէպի Բաղրամեան պողոտայ:

Բաղրամեան 26 հասնելով, ուր կը գտնուի Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի նստավայրը, մեծ թիւով կուտակուած ոստիկանական ուժերու ներկայութեան, ցուցարարները կոչ ուղղած են ոստիկաններուն միանալու բողոքի շարժումներուն: Վարչապետի նստավայրին առջեւ Փաշինեան յայտարարած է, որ առանց որեւէ բռնի գործողութեան պէտք է շրջափակել տարածքը: «Մենք կը սկսինք Բաղրամեան 26-ի շրջափակումը», յայտարարած է ան:

Ցուցարարները անցնելով Սայաթ Նովա փողոցով վերադարձած են  Հանրապետութեան հրապարակ, ուր Նիկոլ Փաշինեանը յայտարարած է  չորեքշաբթի օրուան հանրահաւաքի աւարտը: Ան յորդորած է  ցուցարարները` յաջորդ օրը կրկին հաւաքուելու Հանրապետութեան հրապարակին վրայ:








All the contents on this site are copyrighted ©.