(Վատիկան Նիուզ) Վատիկանի Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ կայացած հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապ կոչ ուղղեց ի տես Ուաշինկթընի մէջ գումարուելիք համաշխարհային դրամատան գարնանային նստաշրջանին ժողովներուն:
Կոչին մէջ Սրբազան Հայրը ըսաւ
«Յառաջիկայ շաբաթ օր Վաշինկթոնի մէջ տեղի պիտի ունենան համաշխարհային դրամատան գարնանային նիստերը: Կը քաջալերեմ այն ջանքերը որոնք ֆինանսական ներդրումի միջոցաւ կը փնտռեն խթանել ամենաղքատներուն կեանքը, նպաստելով մարդու արժանապատուութեան իսկական համապարփակ եւ յարգալից զարգացումին»:
All the contents on this site are copyrighted ©. |