2018-04-18 08:17:00

Յատուկ հանդիսութեամբ մը Մարսիլիոյ մէջ նշուեցաւ «Յառաջ»-ի թիւերու թուայնացման լրացումը


Մարսիլիոյ մէջ գործող Յիշողութեան հետազօտութեան եւ տոմարագրութեան հայկական ընկերակցութիւնը՝ ԱՐԱՄ-ը 2011-ին նախաձեռնած էր «Յառաջ» թերթի թիւերու թուայնացման աշխատանքին, թուղթէ տարբերակին յանձնուած աւելի քան 80-ամեայ պատմութիւնը ժամանակի անողոք ճիրաններէն փրկելու, նաեւ համացանցի միջոցաւ՝ ամբողջ աշխարհի Հայութեան հասանելի դարձնելու նպատակով:

ԱՐԱՄ «Յառաջ»-ի բովանդակ հաւաքածոն ունէր իր տրամադրութեան տակ, շնորհիւ INALCO-ի BULAC գրադարանին հետ կնքած գործընկերութեան համաձայնութեան. այսպէս, վերջինս թերթին՝ տարի առ տարի հսկայ հատորներու ձեւով կազմուած հաւաքածոներու ամբողջութիւնը կը դնէր ԱՐԱՄ-ի տրամադրութեան տակ: «Յառաջ»-ի տնօրէնուհի Տիկին Արփիկ Միսաքեան ալ տուած էր անհրաժեշտ արտօնութիւնը՝ թուայնացման այս աշխատանքին եւ այնուհետեւ ալ՝ webaram.com-ի կողմէ թերթին թուայնացուած թիւերուն՝ համացանցի վրայ հրապարակման համար:

«Յառաջ», որ 1925-ին հիմնուած է Շաւարշ Միսաքեանի կողմէ, հանդիսացած է Եւրոպայի Հայութեան առաջին օրաթերթը: 1957 Յունուար 26-ին հիմնադիրին մահէն անմիջապէս ետք թերթին ղեկը ստանձնած է Տիկին Արփիկ Միսաքեան:

Թերթը իր վերջին թիւը մամուլին յանձնեց 2009 Մայիս 30-ին, այդպէսով վերջ դնելով 84-ամեայ անցեալի մը, ի բաց առեալ Ֆրանսայի՝ գերմանական գրաւման տարիները, որոնց ընթացքին Շաւարշ Միսաքեան կամովին դադրեցուցած էր հրատարակութիւնը, զերծ մնալու համար գերմանական խիստ գրաքննութենէ եւ հարկադրաբար գործիք չդառնալու համար նացիական քարոզչութեան: Այդ երկար տասնամեակներու ընթացքին լոյս տեսած է 22.214 թիւ:

Տիկին Արփիկ Միսաքեանի կողմէ ԱՐԱՄ-ին նուիրուած են թերթին վերջին թիւի էջերուն կապարեայ կաղապարներն ալ, որոնք կը ցուցադրուին ընկերակցութեան աշխատանոցին մէջ:  1925-էն առաջ, «Յառաջ»-ի քանի մը թիւ, – նոյն անունով – լոյս տեսած է Երեւանի մէջ: Այդ թիւերու պատկերանիշի (logo) բոցավառ յատկանիշը պահպանուած է 1925-էն մեզի ծանօթ «Յառաջ»-ի ճակտին տեղ գրաւածին մէջ եւս:
Թուայնացման աշխատանքները կատարած է այդ բնագաւառին մէջ մասնագիտացած COPEIA ընկերութիւնը: Այս աշխատանքի իրագործման եւ այդ նպատակով ստացուած նուէրներով միասին՝ անհրաժեշտ գումարները լրացնելու համար ԱՐԱՄ ձեռք ձգած է նաեւ զանազան գանձատրումներ՝ Ֆրանսայի Մշակոյթի եւ հաղորդակցութեան նախարարութենէն, CEPAC-էն (Փրովանսի, Ալպեաններու, Գորսիքայի, ինչպէս նաեւ Անդրծովեան տարածքներու յատուկ դրամատուն, խնայողութեան սնտուկ մը), Պիւլլիւքեան հիմնադրամէն (1960-1969 ժամանակաշրջանի թուայնացման համար), եւ յատկապէս Կիւլպէնկեան հիմնարկութենէն (1970-էն 2009 ժամանակաշրջանին համար):
Երկար տարիներու նշեալ աշխատանքէն ետք, ԱՐԱՄ այսօր վերջապէս իր տրամադրութեան տակ ունի թուայնացուած տարբերակներու ամբողջութիւնը, այսինքն՝ 1925-էն 2009՝ երկար տասնամեակներու բոլոր թիւերը, թուայնացուած:

Այս առթիւ Հինգշաբթի, Ապրիլ 5-ին ներկայացման ձեռնարկ մը տեղի ունեցաւ ԱՐԱՄ-ի Մարսիլիոյ կեդրոնատեղիին մէջ:  Նախ խօսք առաւ ԱՐԱՄ-ի նախագահ Ժաք Ուլուսեան, որ բարիգալստեան եւ ներածականի հանգամանք կրող իր ելոյթին մէջ նշեց գլուխ հանուած գործին կարեւորութիւնը, յատկապէս ֆրանսահայ համայնքի պատմութեան պահպանման տեսանկիւնէն: Իրենց կարգին՝ «Յառաջ»-ին եւ կատարուած աշխատանքին քաջածանօթ գրող Գրիգոր Պըլտեան, թերթի տարիներու խմբագիր Արփի Թոթոյեան եւս ողջունեցին կատարուած աշխատանքին արժէքն ու կարեւորութիւնը: Խօսք առին նաեւ BULAC-ի գիտական տնօրէն Պենժամէն Կիշառ, COPEIA ընկերութեան թուայնացման բաժնի պատասխանատու Ռեժիս Ռոժէ, ԱՐԱՄ-էն Միշէլ Ահարոնեան եւ Կիւլպէնկեանի արեւմտահայերէնի զարգացման բաժնի պատասխանատու Անի Կարմիրեան:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.