2018-04-18 08:06:00

Հայ եկեղեցին եւ հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ


Վախցի՛ր Յաւիտենական Թմբիրէն

Գարնանամուտին հետ ծլարձակուող ցորենը, աւետարանական պատկերով յարութեան յոյսը կը ներշնչէ մեզի դարձեալ, մեր Տիրոջ եւ Փրկչին հրաշափառ Սուրբ Յարութեան տօնական այս օրերուն: Սերմնահատիկը, որ հողին տակ վերստին ծլելով, կանաչազգեստ նո՛ր կեանքով կ՛երեւի գետնի մակերեսին եւ հասկ կազմելու ազդանշանը կու տայ բնութեան, բացայայտ օրինակ է բոլորիս համայնական յարութեան:

Բնութիւնը կը վերանորոգէ ինք զինք եւ ներքին համոզում կը գոյացնէ իր կեանքին մէջ յառաջացած փոփոխութիւններու առումով: Ան կը հաշտուի կենսախում ձմերուան հետ, եւ ապա, իր աչքերը ծանրացուցած թմբիրէն ետք բացուող նոր իրականութիւնը կ6որդեգրէ, փոխելով համայնակուլ իր շրջազգեստը՝ ձիւնասպիտակ պատանքը երկարապատում եւ հագնելով նորականաչ մարգագետինը համատարած, կարկաչահոս վտակներու գլգլան երաժշտութեան հետ միաձուլուած, միաժամանակ յոյսի պտղաւորումով գունագեղ ծաղիկներ փթթելով հաւանական ամէն ելքէ, իր բոլո՛ր կարողականութեամբ:

Բայց մարդը… Աստուծոյ կամքին անհնազանդ ու ըմբոստ էակը, դժուարութիւն կը ցուցաբերէ ընդունելու հողայնական իր ճակատագրին երկնաբարբառ որոշումը՝ «հող էիր դուն եւ հողին պիտի դառնաս» (Հմմտ Ծն 3.19):

Կեանքի դասակարգման եւ խաւաբաշխման աստուածային որոշումը՝ երկնայիններու եւ երկրաւորներու տարբեր խմբաւորումներով, աննիւթական մեծ վիհ գոյացուցած էր, ծածկելով անմահութիւնը մահկանացուներէն (Հմմտ Ծն 3.24, Ղկ 16.26):

Յստակ է, որ յաւիտենականութեան հասնելու տենչանքով վառուած եւ յաւերժական տռփալից սիրով զայն գրկելու պատրաստ մարդկային սիրտը չի՛ հաշտուիր մահուան հետ: Վկա՛յ դարեր առաջ հին մշակոյթներու պատկանող մարդոց կառուցած վիթխարի դամբարանները, որոնք կը լեցուէին կենցաղային իրերով, այնտեղ հանգչող մարդուն համար միւս կեանքի յարմարութիւններ ստեղծելու նպատակով:

Իր յարութեամբ Քրիստոս համամարդկային մտալլկող մտահոգութիւնը փարատեց, փակելով մահուան մութ ու անեզր խոռոչը, իր գերեզմանի մուտքէն շպրտուած մեծղի ժայռաբեկորի կողքին կանգնած յայտարարելով, որ զգացուող ամէն մթութիւն մահը չէ՛, իսկ տեսանելի մահը՝ վերջը չէ՛:

Քունը շատերուն համար նախատիպ համարուած է մահուան: Փաստօրէն պատահած է, որ շատեր քնացեր են հանգստանալու համար եւ յաջորդ առաւօտ չեն արթնցած ու չեն տեսած Աստուծոյ լոյսը: Մահուան քունով քնացեր են անոնք, եւ իրենց աչքերը բացեր են միւս կեանքին մէջ:

Հաւատքով Աստուծոյ միանալու եւ թերահաւատութեամբ Անոր զօրութիւնը ընդունելու տարբերութիւնը մեծ է:

Չկա՛յ մարդկային որեւէ տեսակի ոյժ կամ զօրութիւն «արտաքին խաւար»ին անէծքը չէզոքացնող ու մեր պարտագիրը մաքրագրող, բացի Քրիստոսի յարութեան յոյսէն:

Ո՞ւր կրնաս փախչիլ ամօթէդ, երբ «արտաքին խաւար»ի հարսանեաց հրաւիրատոմսդ գրպանիդ մէջ չէ՛, այլ մահապարտի դատավճռին նման կռնակիդ փակցուած, բոլորին տեսանելի հրապարակայնութեամբ: Ի՞նչ արժէք կը ներկայացնէ անկէ ետք թափանցիկ հոգիդ կտտացնող մելամաղձութիւնը իր բոլոր սիրալիր ապրումներով վաղեմի: Ապրած կեանքիդ օրերուն պէտք է մտածէիր անոնց ազդեցութեան մասին, որոնք այնքան հեշտօրէն կը թարգմանէիր բերանացի, կամ կը գրէիր անոնց հոմանիշները, լղորճելով զանոնք բերնիդ մէջ իբրեւ՝ սէ՜ր, հեզութի՜ւն, ներողամտութի՜ւն, եղբայրասիրութի՜ւն եւ, ե՜ւ, ե՜ւ…:

Այո՛, վերոյիշեալներուն մասին նախօրօք մտածելու հնաւորութիւն եթէ ստեղծած ըլլայիր քեզի համար, պարտաւոր չէիր ըլլար մահուան նայելու թշնամական խստութեամբ: Նոյնիսկ անիկա քեզի համար կ՛ըլլար անցումային կայան մը, որուն միւս կողմը պիտի նշմարէիր յարուցեալ Փրկչիդ լուսեղէն ձեռքը, քեզ դէպի իրեն քաշող: Ճիշդ այդ պահուն պիտի արթննանք մահուան քունէն: Բայց վա՜յ այն մարդուն, որ յաւիտենական թմբիրի անզգայութեան կը մատնուի…:

Վախցի՛ր յաւիտենական թմբիրէն, որովհետեւ գերեզմաններուն մէջ այս մահով քնացողներուն առիթ պիտի չի՛ տրուի տօնելու յարութեան իսկական տօնը՝ համատիեզերական յարութիւնը:








All the contents on this site are copyrighted ©.