2018-04-17 15:01:00

Սերժ Սարգսեան ընտրուեցաւ ՀՀ վարչապետ։


«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, թէ երէկ` երեքշաբթի, 17 ապրիլին, Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովը` բաց քուէարկութեամբ` Հայաստանի վարչապետ ընտրեց Սերժ Սարգսեանը: Անոր օգտին քուէարկեց 77 պատգամաւոր, դէմ` 17:

Սերժ Սարգսեանի թեկնածութիւնը առաջադրած էին Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան եւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան  խմբակցութիւնները:

Ընտրութենէն առաջ վարչապետի թեկնածու, ՀՀԿ ղեկավար Սերժ Սարգսեան ելոյթ մը ունեցած է խորհրդարանին մէջ, ուր ներկայացուցած են  կառավարման նոր համակարգի առաւելութիւնները, տարբերութիւնը նախորդ` կիսանախագահական համակարգէն:

«Մենք մասնակիցն ենք նոր սկիզբի», յայտարարած է Սերժ Սարգսեանը եւ ընդգծած, որ կառավարման խորհրդարանական համակարգի նախագահը չի կրնար նոյնացուիլ կիսանախագահական համակարգի նախագահին հետ. այս կառավարման համակարգի վարչապետը խորհրդարանական վերահսկողութեան տակ է:

Սարգսեան ընդգծած է, որ անձնական պատասխանատուութենէն  փախուստը անընդունելի է, այդ պատճառով է, որ Ազգային ժողովի ամպիոնին վրայ կը գտնուի:

Ան անդրադարձած է երկու տարի առաջ կատարած իր այն յայտարարութեան, որ խորհրդարանական համակարգի անցման պարագային ան չի յաւակնիր վարչապետի պաշտօնին: Սարգսեան նախ ընդգծած է, որ արդէն իսկ առիթ ունեցած է անդրադառնալու իր այդ յայտարարութեան եւ հիմա չի խօսիր այդ պաշտօնին իր յաւակնութիւններու իրողապէս բացակայութեան մասին, միայն մէկ նախադասութիւն կ՛աւելցնէ. «Այսօր այս ամպիոնին կանգնած է ո՛չ թէ անհատ, քաղաքական, հասարակական գործիչ Սերժ Սարգսեանը, ո՛չ ալ երրորդ նախագահ Սերժ Սարգսեանը, այստեղ անոնցմէ ոչ ոք գործ ունի: Այստեղ ելոյթ կ՛ունենայ խորհրդարանի քաղաքական մեծամասնութիւնը կազմող ՀՀԿ-ի նախագահը», յայտարարած է ան եւ աւելցուցած, որ կառավարման խորհրդարանական համակարգը կը բացառէ հակասութիւնը կառավարութեան եւ խորհրդարանական մեծամասնութեան միջեւ, եւ ինք պիտի ըլլայ անոր երաշխաւորը:

Իր խօսքէն ետք Ազգային ժողովի պատգամաւորները Սերժ Սարգսեանին ուղղած են հարցումներ, որոնք կը վերաբերէին Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման հոլովոյթին, Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին քաղաքականութեան, տնտեսական վիճակին, արտագաղթին եւ երկիրը յուզող այլ հարցերու:








All the contents on this site are copyrighted ©.