2018-04-17 10:08:00

Պիտի վերանորոգուի Անիի սուրբ Աստուածածին մայր տաճարը


ԵՐԵՒԱՆ, «Ակունք».- Թրքական «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ ԵՈՒՆԵՍՔՕի համաշխարհային ժառանգութեան ցանկին վրայ ընդգրկուած Անիի Սուրբ Աստուածածին Մայր տաճարը պիտի վերանորոգուի:

Յիշեցնենք, որ Անիի Մայր տաճարը հիմնուած է 989ին, Սմբատ Բ. Տիեզերակալ թագաւորին կողմէ: Տաճարի շինարարութիւնը աւարտած է 1001ին, Գագիկ Ա. Բագրատունի թագաւորի կնոջ՝ Քաթրամիտէ թագուհիին կողմէ: Կոթողը կառուցած է Տրդատ ճարտարապետը:

Տաճարը պիտի նորոգուի՝ բնօրինակին հաւատարիմ մնալով:

Կարսի թանգարանի տնօրէն Նեճմետտին Ալփ կը նշէ, թէ նախնական աշխատանքները սկսած են այս ամիս՝ աւելցնելով. «Ամրան ամիսներուն լուրջ յառաջընթաց կ՛ակնկալենք»:








All the contents on this site are copyrighted ©.