2018-04-17 11:02:00

«Պենետիկտոս ԺԶ - ճշմարտութեան ժամը» վաւերագրական ժապաւէն։


(Ռատիօ Վատիկան) Վատիկանի Ֆիլմի գրադարանը՝ որ հաստատուած է Սուրբ Յովհանէս ԻԳ օրով 1959-ին, որպէս նպատակ ունենալով հաւաքել եւ պահպանել եկեղեցւոյ հայող ֆիլմեր ու տեսաժապաւէնները,  երկուշաբթի՝ 16 ապրիլ 2018-ին,  Պենետիկտոս Վաստակաւոր քահանայապետի 91-րդ տարեդարձին օրը, իր կեդրոնատեղիին մէջ ցուցադրեց «Պենետիկտոս ԺԶ  - ճշմարտութեան ժամը» վաւերագրական ժապաւէնը որուն հեղինակներն են Խավիէ Մարթինէս Պրոքալը եւ Անթոնիօ Օլիվիէն։

Ժապաւէնին մէջ  քննարկում կը կատարուի Պենետիկտոս ԺԶ հրաժարականի  մասին զինք ճանչցող ու անոր մօտիկ անձնաւորութիւններու հետ հարցազրոյցներու միջոցաւ որոնց շարքին Պենետիկտոս ԺԶ եղբայրը, անոր անձնական քարտուղարը՝ գերապայծառ Կէյնզուէն, Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի երբեմնի տնօրէնը Հայր Ֆետերիքօ Լոմպարտի ու այլ անձնաւորութիւններ։

11 փետրուար 2013-ին վաստակաւոր Քահանայապետը կարդինալական ժողովին առջեւ ներկայացուցած էր իր հրաժարականը ըսելով «Յաճախակի կերպով քննարկելէ ետք իմ խիղճս Աստուած առջեւ, հասայ այն վստահելի եզրակացութեան թէ իմ ուժերս, յառաջացած տարիքի բերումով, այլեւս յարմար չեն պատշաճ կերպով կատարելու իմ Պետրոսեան առաքելութիւնս»։ Ան ապա աւելացուցած էր «Ես համոզուած եմ որ այս առաքելութիւնը, իր հոգեւոր էութեամբ, ըլլալու է պաշտօն՝ ոչ միայն գործերով ու խօսքերով այլեւ տառապանքով ու աղօթքով»։








All the contents on this site are copyrighted ©.