2018-04-17 10:35:00

Յառաջիկայ 20 ապրիլին Քահանայապետը հովուական այց կը կատարէ Փուլիա Նահանգ։


(Վատիկան Նիուզ) Ուրբաթ 20 ապրիլ 2018-ին Ֆրանչիսկոս Պապ միօրեայ հովուական այցելութեամբ կը մեկնի Փուլիա նահանգ ՝ Հայր Թոնինօ Պելլիի մահուան 25-րդ տարեդարձին առիթով։ Կեցութեան ընթացքին Նորին Սրբութիւնը պիտի այցելէ Ալեսսանօ եւ Մոլֆեթթա քաղաքները։

Սրբազան Պապը վատիկանէն կը մեկնի առաւօտեան 7-ին, ուղղուելով Չամփինօ օդակայան որտեղէն՝ 7.30-ին օդանաւով կը մեկնի դէպի Լեչչէի զինուորական օդակայան  ուր ժամանումը նախատեսուած է 8.20 անց եւ որտեղէն ապա ինքնաթիռով կը մեկնի դէպի Ալեսսանօ ուր կ՛այցելէ Հայր Թոնինօ Պելլոյի գերեզմանը հուսկ գերեզմանի տարածքին հանդիպում կ՛ունենայ տեղւոյն հաւատացեալներուն հետ անոնց ուղղելով ճառ մը։

9.30-ին Ֆրանչիսկոս Պապ ինքնաթորով կը փոխադրուի Մոլֆեթթա ուր կը հանդիսապետէ Սուրբ պատարագի արարողութեան.

Աստուծոյ ծառայ՝ Հայր Թոնինօ Պելլոն , ծնած է Ալեսսանօ գիւղաքաղաքին մէջ 18 մարտ 1935-ին. Քահանայ ձեռնադրուած է 8 դեկտեմբեր 1957-ին։ Եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւնը ընդունած է 10 օգոստոս 1982-ին, պաշտօնավարելով Իտալիոյ հարաւային շրջանի, զանազան թեմերուն մէջ եւ իր օրինակելի կենցաղով սիրաշահած է շատերուն համակրանքը։ Ան արդարեւ հրաժարած է եպիսկոպոսական պատուոյ նշաններէն ու ասոր համար է որ միշտ ուզած է կոչուիլ Հայր Թոնինօ, մինչ իր ուշադրութիւնը մշտապէս սեւեռած է ամենայետիններուն ու կարիքաւորներուն։

7 դեկտեմբեր 1992-ին, հակառակ որ կը տառապէր ստամոքսի քաղցկեղի հիւանդութենէն, 500 կամաւորներու հետ միասին, մասնակցեցաւ՝ քաղաքացիական պատերազմի թիրախ եւ շրջափակումի մէջ գտնուող՝ դէպի Սարայեւօ կազմակերպուած քայլարշաւին, յաջողելով խաղաղ ներխուժում կատարել մինչեւ քաղաքի կեդրոն, յոյս ներշնչելու համար քաղաքի բնակչութեան։ Մի քանի ամիս ետք՝ 20 ապրիլ 1993-ին, Հայր Թոնինոն Մոլֆեթթա քաղաքին մէջ կը կնքէ իր մահկանացուն- ու 2007-ի նոյեմբեր 27-ին- սկիզբ կը տրուի անոր սրբադասման դատին։

«Հայր Թոնինոն եղաւ բացառիկ  մարդ, քրիստոնեայ, քահանայ ու եպիսկոպոս» ըսած է Սրբազան Քահանայապետի այցելութեան առթիւ, Սանթա Մարիա Տէ Լէուքայի նորընծայարանի տնօրէնը, «որովհետեւ, ընդգծած է Ան, բացառիկ եղաւ նաեւ անոր սէրը Քրիստոսին, եկեղեցւոյ ու մարդուն նկատմամբ ու յատկապէս աղքատին, մեկուսացեալին ու յետիններուն նկատմամբ ու բոլոր անոնց որոնք ձայն չունին, եւ որոնցմէ խլուած է արժանապատուութիւնը» նշեց Սանթա Մարիա Տէ Լէուքայի նորընծայարանի տնօրէնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.