2018-04-16 09:57:00

Ֆրանչիսկոս Պապին այցը Հռոմի Քորվիալէ շրջան։


(Վատիկան Նիուզ) Կիրակի 15 ապրիլ 2018 Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը  հովուական այցելութիւն տուաւ Հռոմի Քորվիալէ շրջանի մէջ գտնուող «San Paolo della Croce – Խաչի Սուրբ Պօղոս» Եկեղեցւոյ։ Այս կը հանդիսանայ նորին Սրբութեան Հռոմի թեմին մէջ այցելած 16-րդ ժողովրդապետութիւնը։

Հռոմի արուարձաններու մէջ գտնուող  Քորվիալէ շրջանի բնակչութիւնը մեծ ջերմութեամբ եւ խանդավառութեամբ դիմաւորեց Նորին Սրբութիւնը որ ժողովրդապետութիւն ժամանելուն դիմաւորուեցաւ Հռոմի Տեղապահ Արքեպիսկոպոս գերապայծառ Անճելօ Տէ Տոնաթիսի կողմէ ու ժողովրդապետ՝ Հայր Ռոպերթօ Քասսանոյի կողմէ։ Ան ապա առաջին հանդիպումը ունեցաւ քրիստոնէականի հետեւող պատանիներուն հետ անոնց հետ զրուցելով ու մեկնաբանելով Մատթէոս Առաքեալի կոչումի մասին հատուածը, որուն մասին արտայայտուելով Քահանայապետը հաստատեց թէ Յիսուս ուժն ունի  սրտերը փոխելու։

«Մենք բոլորս Աստուծոյ զաւակներ ենք, նոյնիսկ անոնք որոնք չեն մկրտուած, նոյնիսկ անոնք որոնք կը պատկանին այլ կրօնի մը» ըսաւ Սրբազան Պապը եւ աւելցուց «նոյնիսկ Մաֆիայի մարդիկը Աստուծոյ զաւակներ են, թէեւ անոնք կը նախընտրեն ներկայանալ որպէս սատանայի զաւակներ» ու հրաւիրեց փոքրիկները աղօթելու՝ որպէսզի Մաֆիայի անդամները ճանչնան զԱստուած։

«Աստուած  ստեղծեց ու սիրեց բոլորը եւ բոլորին սրտին մէջ դրաւ խիղճ մը որ գիտէ զանազանել չարը բարիէն ու սուրբ մկրտութեամբ այդ խղճին մէջ մուտք գործեց նաեւ Սուրբ Հոգին եւ զօրացուց Աստուծոյ մեր պատկանելիութիւնը» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը։

Հանդիպման ամենէ յուզիչ պահերէն մին եղաւ Սրբազան Քահանայապետին ողջագուրումը փոքրիկն Էմմանուելի հետ, որ Նորին Սրբութեան ուսին վրայ լալով, անոր հարց տուաւ եթէ իր մերած հայրիկը, որ անաստուած էր, կը գտնուի երկնքի մէջ։ Թէեւ անաստուած սակայն այդ  հայրը արգելք չէր հանդիսացած որ  իր չորս զաւակները մկրտուին, առ այդ՝ Սրբազան Քահանայապետը, մխիթարելով Էմմանուելը անոր ըսաւ.  «Երեւի հայրդ բարի մարդ էր, ան հաւատացեալ մը չէր սակայն իր մէջ ունէր հաւատքը։ Բարի սիրտ ունէր։ Եթէ անհաւատ էր ըսել չէ որ երկինքի մէջ չէ։ Միայն Աստուած է որ կ՛որոշէ այդ մէկը» հաստատեց Ֆրանչիսկոս Պապ որ մանուկներուն հետ ունեցած հանդիպումէն ետք հանդիպում ունեցաւ նաեւ տարեցներուն հետ որոնցմէ շատերը կ՛ապրին առանձնութեան մէջ ու խնամուած են Մալթայի Ասպետներու եւ Ժողովրդապետութեան կամաւորներու կողմէ։

Քահանայապետը քաջալերեց տարեցները, հակառակ ամէն ինչի, երբեք չի կորսնցնելու յոյսը, որովհետեւ -ըսաւ Ան - Յիսուս մեր մօտն է, Ան մեզ կը սիրէ եւ իր վէրքերով ուզեց աւելի մօտիկ ըլլալ մեր տառապանքին եւ ցաւերուն։ Ուստի հարկ է յառաջ ընթանալ յոյսով եւ ուրախութեամբ» նշեց Սրբազան Պապը հրաւիրելով նաեւ տարեցները աղօթելու ու աղօթքով բարիք կատարելու ուրիշներուն։

«Դուք, ըսաւ ապա Քահանայապետը, այս ժողովրդապետութեան հարստութիւնն էք, գանձն էք»։  Բացի տարեցներէն Նորին Սրբութիւնը հանդիպում ունեցաւ  նաեւ մի քանի բանտարկեալներու հետ ու անոնց ընտանեկան պարագաներուն հետ ապա հանդիպեցաւ ժողովրդապետութեան աղքատներուն հետ եւ Սուրբ պատարագէն առաջ մի քանիներուն մատակարարեց Խոստովանանքի խորհուրդը։

Ֆրանչիսկոս Պապին Քորվիալէ շրջանին տուած այցելութիւնը վերջ գտաւ Սուրբ պատարագի արարողութեամբ որուն ընթացքին արտասանած իր քարոզին մէջ Նորին Սրբութիւնը հրաւիրեց հաւատացեալները խնդրելու հաւատքի շնորհքը՝ «հաւատալու թէ Քրիստոս կենդանի է՝ Յարութիւն առաւ» ըսաւ Ան ու նշեց թէ Յիսուս մեզի կը բերէ յարատեւ նորութիւն ու երիտասարդութիւն, մինչ մեղքը մեր սրտերը կը ծերացնէ։ «Թէեւ մեր մեղքերուն հանդերձ մենք փաստաբան մը ունինք Հօր մօտ։ Ան արդարեւ մեզ կը ներէ, մեզ կը վերանորոգէ. Այս է Յարուցեալ Քրիստոսին ուժը» յարեց Սրբազան Պապը հաստատելով թէ մեր իսկական երիտասարդութիւնը կը կայանայ՝  Քրիստոսի մահուան ու մեղքին վրայ յաղթանակին մէջ։

Սուրբ Զոհի աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապ յանձնարարեց մէկը միւսը օգնել որովհետեւ, ըսաւ Ան, բոլորս կարիքը ունինք մէկը միւսին, ու հրակաւոր է յառաջ ընթանալ «միասին»։








All the contents on this site are copyrighted ©.