2018-04-16 13:05:00

ֆրանչիսկոս Պապի 16 ապրիլի քարոզը. Յիսուսին հետեւինք ոչ անձնական շահերու համար


(Վատիկան Նիուզ) Երկուշաբթի, 16 ապրիլ 2018-ին, Վատիկանի Տոմուս Սանթա Մարթա մատրան մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ մատուցեց Սուրբ Պատարագ եւ այս առթիւ ներկայացուցած խորհրդածութեան մէջ հրաւիրեց մենք մեզի հարց տալու եթէ Յիսուսին կը հետեւինք մեր անձնական շահերուն կամ հաւատքի համար :

Քահանայապետը նախ ակնարկելով օրուան Աւետարանական ընթերցումին, ուր կը խօսուի Յիսուսի հացերու եւ ձուկերու բազմապատկումի հրաշքին մասին դիտել տուաւ, որ Յիսուսի մօտ գտնուող ամբոխը  Յիսուսը կը փնտռէին ոչ միայն Անոր մտիկ ընելու համար այլ նաեւ իրենց անձնական շահերուն համար՝ շահագրգռուած Յիսուսի կատարած հրաշքներէն, թէեւ ըսաւ Սրբազան Պապը  «անոնք բարի անձեր էին». Ան ապա անդրադառնալով գործ Առաքելոցէն քաղուած ընթերցուածին, ուր կը խօսուի Սուրբ Ստեփանոս նախավկայի մասին,  որ Յիսուսին կը հետեւէր իր ամբողջ կեանքի  նուիրումով, յորդորեց մենք մեզի հարց տալու, թէ ինչպէս կը հետեւինք Յիսուսին ու հրաւիրեց նաեւ յիշել այն բոլոր բաները, որ Յիսուս կատարած  է մեր կեանքին մէջ, ապա մենք մեզի հարց տալ թէ ի՞նչ կարելի է ընել Յիսուսին համար՝ բիւրեղացնելու համար հաւատքը շահերէն, ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ ու յորդորեց յիշել նաեւ մեր կեանքին մէջ սէրէ մղուած Յիսուսին կատարած  գործնական  արարքները  ու նշեց,  թէ պիտի անդրադառնանք թէ Յիսուս մեզի շատ բաներ պարգեւեց անշահախնդրութեամբ  որովհետեւ Ան մեզ կը սիրէ։ Ու երբ այս մէկը նկատենք, հարց տալու ենք թէ մենք ի՞նչ ընելու ենք Յիսուսին համար ու ի մի գուցէ ըսենք. «Այո՝ Տէր, ամէն ինչ կու տամ։ Այլեւս այդ սխալները, այդ մեղքերը  պիտի չի գործեմ, պիտի փոխեմ իմ ընթացքս»։ Այս է յարեց Նորին Սրբութիւնը սիրոյ համար ապաշխարութեան ճանապարհը, դուն ինծի սէր պարգեւեցիր ու ես քեզի այս մէկը կը պարգեւեմ սիրոյ համար հուսկ՝ քարոզի աւարտին Տիրոջմէ հայցեց հաւատքը բիւրեղացնելու շնորհքը ու Անոր օգնութիւնը այդ ճանապարհով ընթանալու համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.