Շաբաթ, 14 Ապրիլ 2018-ի երեկոյեան, Սուրիական Բանակի Հրամանատարութիւնը յայտարարեց, որ հակառակ Սուրիոյ դէմ ԱՄՆ-Ֆրանսա-Բրիտանիա եռակողմ յարձակումին, նոյն օրուան մէջ, սուրիական բանակը ամբողջացուց արեւելեան Ղութայի, իր բոլոր գիւղերով եւ աւաններով, ազատագրումը զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներէն։ Այս մասին կը հաղորդէ «Գանձասար»-ը։
«Անցնող օրերուն, բոլոր զինեալները դուրս բերուած էին Ղութայի իրենց վերջին թաքստոցէն։ Այս յաղթանակը արձանագրուեցաւ՝ շնորհիւ սուրիական բանակին եւ դաշնակից ուժերուն ամիսէ մը ի վեր սկսած զինուորական գործողութիւններուն»։
All the contents on this site are copyrighted ©. |