2018-04-16 08:42:00

Պենետիկտոս ԺԶ Վաստակաւոր Քահանայապետը 91 տարեկան


(Վատիկան Նիուզ) Այսօր՝ 16 ապրիլ 2018-ին, Վաստակաւոր Քահանայապետ Պենետիկտոս ԺԶ կը բոլորէ իր 91 ամեակը։ Ան ծնած է 16 ապրիլ 1927-ին Գերմանիոյ Մարքդլ Քաղաքին մէջ։ Քահանայապետ ընտրուած է՝ 19 ապրիլ 2005-ին ու 11 փետրուար 2013-ին ներկայացուցած է իր հրաժարականը եւ 28 փետրուար 2013-էն կ՛ապրի Վատիկանի Մաթեր Էքլեզիա վանքին մէջ, որպէս Վաստակաւոր Քահանայապետ։

Անցեալ տարի՝ 17 ապրիլին, Վաստակաւոր Քահանայապետի 90-րդ տարեդարձը  տօնախմբուեցաւ «Պավարական» աւանդութեամբ ու Վաստակաւոր Քահանայապետը մեծ ուրախութեամբ մասնակցեցաւ իրեն ի պատիւ կազմակերպուած այդ տօնախմբութեան։ Մինչ 16 ապրիլ 2012-ին Ան յայտնած էր թէ կը գտնուի կեանքի ուղեւորութեան վերջին  հատուածին մէջ։ «Չեմ գիտեր ինչ կը սպասէ զիս, սակայն գիտեմ թէ Աստուծոյ լոյսը ներկայ է, թէ Ան Յարութիւն առաւ, լոյսը աւելի հզօր է խաւարէն, ու  Աստուծոյ բարութիւնը աւելի զօրեղ է այս աշխարհի չարէն։ Այս մէկը ինծի կ՛օգնէ յառաջ ընթանալու ապահովութեամբ ու այս պահուս շնորհակալ եմ բոլոր անոնց որոնք ինծի զգալ կու տան Աստուծոյ «այո»ն իրենց հաւատքի միջոցաւ» ըսած էր Պենետիկտոս ԺԶ որ վերջերս մէկ Իտալական թերթի մը ուղղած իր նամակին մէջ յայտնած էր թէ այս կեանքի վերջին հանգրուանը կ՛ապրի ամփոփումով եւ աղօթքով ու կը պատրաստուի վերջին ճամբորդութեան։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.