2018-04-16 08:25:00

Արաբական 29-րդ Վեհաժողովը արդար եւ համապարփակ խաղաղութեան կարեւորութիւնը շեշտեց


Երէկ Սէուտական Արաբիոյ Տահրան քաղաքին մէջ գումարուեցաւ Արաբական 29-րդ վեհաժողովը: Սէուտական Արաբիոյ Սալման պըն Ապտել Ազիզ թագաւորը նիստի նախագահութիւնը Յորդանանի Ապտալլա Բ. թագաւորէն ստանձնելէն ետք, վեհաժողովի բացման նիստի ընթացքին իր խօսքին մէջ նշեց, որ «Պաղեստինեան դատը մեր առաջին դատն է եւ այդպէս պիտի մնայ»` դատապարտելով Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը Թել Աւիւէն Երուսաղէմ փոխադրելու ամերիկեան վարչակազմին որոշումը եւ շեշտելով Արեւելեան Երուսաղէմը Պաղեստինի մայրաքաղաք ճանչնալու հրամայականը:

Սալման թագաւորը վեհաժողովը կոչեց «Երուսաղէմի վեհաժողով», որպէսզի բոլորը իմանան, թէ Պաղեստինը կը մնայ արաբ ժողովուրդներու խղճին մէջ: Ան յայտարարեց, որ 50 միլիոն տոլար կը տրամադրէ ՈՒՆԵՐՈՒԱ-ին, իսկ 150 միլիոն տոլար` Երուսաղէմի մէջ իսլամական կալուածներու աջակցութեան:

Սէուտական Արաբիոյ թագաւորը կոչ ուղղեց շրջանին մէջ Իրանի գործելակերպին դէմ միջազգային կեցուածք որդեգրելու: Ան շեշտեց, որ արաբական ազգային անվտանգութիւնը ամբողջական համակարգ մըն է, որ կարելի չէ մասնատել, եւ ողջունեց արաբական մշակութային վեհաժողովի գումարման շուրջ արաբական համաձայնութիւնը:

Սէուտական Արաբիոյ թագաւորը յայտարարեց, որ թագաւորութիւնը արաբական ազգային անվտանգութեան դիմագրաւած մարտահրաւէրներու դիմակայման համար նախաձեռնութիւն մը ներկայացուցած է:

Յորդանանի Ապտալլա թագաւորը  իր կարգին յայտնեց, որ Երուսաղէմի հարցով պաղեստինցիներու, արաբներու եւ իսլամներու իրաւունքը յաւիտենական է: «Մեր պարտաւորութիւնն է կանգնիլ պաղեստինցիներուն կողքին` իրենց պետութիւնը հաստատելու անոնց տոկունութեան մէջ»:

Ան ողջունեց ՏԱՀԵՇ-ի դէմ Իրաքի ժողովուրդին արձանագրած յաղթանակը եւ զօրակցութիւն յայտնեց Սուրիոյ մէջ լարուածութեան մեղմացման համար որդեգրուած բոլոր նախաձեռնութիւններուն ու լուծումներուն:

Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Ապուլ Ղէյթ յայտնեց.«Ներկայ մարտահրաւէրները մեզ կը պարտաւորեցնեն արաբական ազգային անվտանգութեան առաջնահերթութիւններուն շուրջ երկխօսութիւն կատարել»:

Ան նշեց, որ ամերիկեան դեսպանատունը Երուսաղէմ փոխադրելու որոշումին պատճառով պաղեստինեան դատը ցնցում մը կրեց` նշելով, որ անհրաժեշտ է զօրակցիլ պաղեստինեան դատին վերաբերեալ Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասի պատկերացումին:

Ինչ կը վերաբերի սուրիական թղթածրարին, Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղարը յայտնեց, որ Սուրիոյ քանդումին ու արժանապատուութեան կորուստին պատասխանատուն սուրիական վարչակարգն է` աւելցնելով, որ արաբական շրջանին մէջ իրանեան միջամտութիւններուն նպատակը արաբներուն բարիքը չէ:

Վեհաժողովի աւարտին հրապարակուեցաւ անոր հաղորդագրութիւնը, որ կոչ ուղղեց «Միջին Արեւելքի մէջ Արաբական խաղաղութեան նախաձեռնութեան հիմամբ արդար ու համապարփակ խաղաղութեան կարեւորութիւնը շեշտելու եւ աշխատանք տանելու պաղեստինեան դատին համար անհրաժեշտ աջակցութիւնը տրամադրելու, ինչպէս նաեւ աշխատանք տանելու` աջակցելու արաբական ազգային անվտանգութեան պահպանման ռազմավարութիւններուն»:

Հաղորդագրութիւնը նաեւ շեշտեց արաբական երկիրներու հողային տարածքները թիրախ դարձնող շրջանային ախորժակները կասեցնելու գիտակցութեան կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ միլիսներուն աջակիցներուն կոչ ուղղեց անոնց զէնքի մատակարարումը դադրեցնելու:

Վեհաժողովը դրացի երկիրներուն կոչ ուղղեց` յարգելու արաբական երկիրներու գերիշխանութիւնը: Հաղորդագրութիւնը նաեւ կոչ ուղղեց «մեր արաբական հարցերուն շրջանային միջամտութիւնները դիմակայելու»` ընդգծելով  արաբական երկիրներուն անվտանգութեան ու կայունութեան սպառնացող վտանգներուն դիմակայման համար արաբական միացեալ աշխատանքը ամրապնդելու կարեւորութիւնը:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.