2018-04-14 13:13:00

Պատրիարք Ռայիի կոչը՝ «Աշխարհի հզօրները Միջին Արեւելքին մէջ խաղաղութիւն թող հաստատեն»։


(Վատիկան Նիուզ) Ի տես Միջին Արեւելքի մէջ տիրող անել կացութեան ու յատկապէս Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցած անցուդարձներուն եւ ԱՄՆ-ի ու Ռուսիոյ միջեւ տիրող լարուածութեան, Մարոնի Համայնքի Պատրիարք՝ Կարդինալ Պշարա Ռայի, կոչ ուղղած է վասն խաղաղութեան։ Ան իր խօսքը ուղղելով աշխարհի քաղաքական ղեկավարներուն, խնդրած է «խաղաղ կերպով» վերջ դնել պատերազմներուն որոնք կը յօշոտեն տարածաշրջանը։

«Մեր կոչը կ՛ուղղենք միջազգային հանրութեան, աշխարհի հզօրներու խիղճերուն, որպէսզի միասնաբար աշխատին՝ վերջ դնելու պատերազմներուն ու խաղաղութիւն հաստատեն դիւանագիտական միջոցներով» գրած է Պատրիարքը իր կոչին մէջ աւելցնելով թէ Միջին Արեւելիքի բնակիչները իրաւունք ունին ապրելու խաղաղութեամբ» ու ընդգծելով թէ «քաջատեղեակ ենք թէ երբ կը սկսին պատերազմները, սակայն չենք գտեր թէ ինչպէս ու երբ անոնք վերջ կը գտնեն»։

Կարդինալ Ռայի ապա հաստատած է թէ «դժբախտաբար խաղաղութեան ոճը բացակայ է Պետութիւններու միջեւ։ Ու մենք խորապէս խռովուած ենք սուրիացի ժողովուրդին պարած իրավիճակին համար»։ «Իրավիճակ որուն  հետեւանքները ժխտական ազդեցութիւններ ունին նաեւ Լիբանանի վրայ» դիտել տուած է Պատրիարքը զգուշացնելով «խելագար պատերազմի» մը բռնկումէն, ապա նշած է թէ «ամենատխուր երեւոյթը այն է թէ աշխարհի ղեկավարներու սրտերը ոչ մէկ  յուզմունք կ՛արտայայտեն միլիոնաւոր անմեղ սուրիացիներու ողբերգութեան դիմաց, որոնք պարտադրուած են թողուլ ու հեռանալ պատերազմի դաշտ դարձած, իրենց հողերէն, ուր կը տիրէ բռնութիւնը, վախը, ոճիրն ու աւերը»։

«Աշխարհի հզօրներէն կը պահանջուի աշխատիլ, վերջ դնելու համար հակամարտութիւններուն ու հաստատելու խաղաղութիւնը, որ ըլլայ մնայուն ու ներգրաւէ բոլոր դերակատարները, այդ խաղաղութեան ձգտելով դիւանագիտական, քաղաքական եւ ոչ թէ զինուորական ճանապարհով» ընդգծած է Մարոնի Համայնքի Պատրիարք Կարդինալ Պշարա Ռային իր կոչին աւարտին։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.