2018-04-14 09:52:00

Գումարուեցաւ Սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող միջգերատեսչական յանձնաժողովի նիստը


Ապրիլ 13-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մէջ տեղի ունեցաւ սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող միջգերատեսչական յանձնաժողովի նիստը:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Հրանոյշ Յակոբեան: Ողջունելով յանձնաժողովի անդամները` նախարարը կարեւոր համարեց ընկերային, առողջապահական, կրթական եւ այլ հարցերու լուծման ուղղութեամբ տարուող հետեւողական աշխատանքը, աջակցութիւնը սուրիահայ գործարարներուն:

Սուրիահայերու տնտեսական համարկման եւ անոնց գործի կայացման ուղղուած ծրագիրներու մասին զեկուցումով հանդէս եկաւ ՀՀ տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարարութեան ՓՄՁ աջակցութեան եւ զարգացման վարչութեան պետ Կորիւն Գէորգեանը: Ան ներկայացուց սուրիահայ գործարարներուն տրամադրուած աջակցութեան ծրագիրները, նշեց յառաջիկայ ընելիքները:

Սուրիահայերու բուժօգնութեան կազմակերպման ուղղութեամբ կատարուած աշխատանքներու եւ  յետագայ ընելիքներու մասին զեկուցեց ՀՀ առողջապահութեան նախարարութեան անձնակազմի կառավարման վարչութեան պետ Սամուէլ Սողոմոնեան: Ան նշեց, որ 2017թ.-ին պետպատուէրով հիւանդանոցային մասնագիտացուած բուժում  ստացած է 412, յատուկ եւ դժուարամատչելի հետազօտութեան  ենթարկուած է 98 սուրիահայ: Այսօրուան դրութեամբ Հայաստանի պետական  արձանագրութիւն ունի 94 սուրիահայ բուժաշխատող: Զեկուցողը շեշտեց, որ սուրիահայ բժիշկները կ’առանձնանան բարձր մասնագիտական պատրաստուածութեամբ:

Սուրիահայերուն ցուցաբերած աջակցութեան եւ նախատեսուող ծրագիրներուն մասին  զեկուցեց Իզմիրլեան հիմնադրամի հայաստանեան գրասենեակի տնօրէն Լուսինէ Գալաջեան: Ան նշեց, որ սուրիական պատերազմի հետեւանքով Հայաստանի մէջ բնակութիւն հաստատած սուրիահայերու բժշկական աջակցութեան ծրագիրներն իրականացուած են Իզմիրլեան հիմնադրամի եւ Մայր Աթոռի համաֆինանսաւորմամբ եւ գործընկեր կազմակերպութիւններու` Սփիւռքի նախարարութեան, ՀԲԸՄ հիմնադրամի, «Հալէպ» հայրենակցական բարեսիրական եւ «Սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող հասարակական կազմակերպութիւններու, Ամերիկայի հայ աւետարանչական ընկերակցութեան աջակցութեամբ:

«Առաքելութիւն Հայաստան» ԲՀԿ ծրագիրի ղեկավար  Սոֆի Ներսիսեան զեկուցեց սուրիահայերուն ցուցաբերած աջակցութեան եւ նախատեսուող ձեռնարկներուն մասին` նշելով, որ ծրագիրներու ծիրէն ներս սուրիահայ դպրոցականներու եւ երիտասարդներու ընդելուզման նպատակով իրականացուած են դասապատրաստումներ, մասնագիտական ուսուցում, կազմակերպուած են ընկերային-մշակութային ձեռնարկներ, ՄԱԿ-ի փախստականներու հարցերով գերագոյն յանձնակատարի հայաստանեան գրասենեակի եւ   IDeA հիմնադրամի օգնութեամբ 2017 թուականի ընթացքին` ըստ կարիքի գնահատման, 300-է աւելի սուրիահայ ընտանիքներու տրամադրուած են բնակարանի վարձեր: Ծրագիրը կը տրամադրէ նաեւ իրաւաբանական խորհրդատուութիւն: Սոֆի Ներսիսեան նշեց, որ «Առաքելութիւն Հայաստան» ԲՀԿ ծրագիրն ունի  շարք մը գործընկերներ` ի դէմս Սփիւռքի նախարարութեան:

Ամփոփելով նիստը` Հրանոյշ Յակոբեան կարեւոր համարեց սուրիահայերու ընդելուզման ուղղուած տնտեսական, առողջապահական, կրթական եւ ընկերային ծրագիրներու շարունակականութիւնը: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց գործընկեր կազմակերպութիւններուն` կատարած աշխատանքներուն համար եւ շեշտեց, որ սուրիահայերուն աջակցութիւն ցուցաբերելուն նախ եւ առաջ պէտք է փորձել լուծել անոնց բնակարանային խնդիրները: «Հայաստանում այսօր ապրում է 18-20 հազար սիրիահայ: Նրանց ինտէգրումը շարունակւում է: Ուրախութեամբ պիտի նշեմ, որ ապրիլի 4-5-ը հերթական անգամ կազմակերպուեց «Սիրիահայ մշակոյթի շունչը Երեւանում» տօնավաճառ-ցուցահանդէսը Կարապի լճի յարակից տարածքում, եւ մեր սիրիահայ հայրենակիցները շատ գոհ էին: Մենք պիտի շարունակենք աշխատել, շարունակենք օգնել սիրիահայերին, փորձենք գտնել նոր գործընկերներ»,-նշեց Հրանոյշ Յակոբեան:








All the contents on this site are copyrighted ©.