2018-04-14 10:00:00

Արցախի մէջ տեղի պիտի ունենայ Ճարտարապետներու համահայկական 4րդ համաժողով


ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ եւ Արցախի քաղաքաշինութեան նախարարութեան աջակցութեամբ՝ Հոկտեմբերին, Ստեփանակերտի մէջ տեղի պիտի ունենայ ճարտարապետներու եւ ճարտարագէտներու համահայկական 4րդ համաժողովը:

Ըստ «Արցախփրէս»ի՝ այս մասին յայտնեց Արցախի քաղաքաշինութեան նախարար Կարէն Շահրամանեան՝ նշելով, որ համաժողովին պիտի մասնակցին Արցախի, Հայաստանի եւ Սփիւռքի ճարտարապետները, ճարտարագէտները եւ նախագծող կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները:

Ըստ անոր՝ համաժողովը առիթ պիտի ստեղծէ հայկական միջավայրին ներկայացնելու Արցախի ճարտարապետութիւնը, ինչպէս նաեւ հարթակ պիտի դառնայ Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ ապրող ճարտարապետներու փորձառութեանց փոխանակման համար համագործակցութեան նոր ուղիներ ստեղծելու:

Ըստ Կ. Շահրամանեանի՝ Արցախ համաժողովը առաւել ներկայանալի դարձնելու համար այժմէն կը տարուին նախապատրաստական աշխատանքներ:

Շահրամանեան նաեւ տեղեկացուց, որ ճարտարապետներու եւ ճարտարագէտներու համահայկական ընկերակցութեան երկու տարի առաջ միացած են նաեւ Արցախի ճարտարապետներն ու նախագծող կազմակերպութիւնները:

Նշենք, որ համաժողովի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Երեւանի մէջ, այնուհետեւ մասնակիցները զայն պիտի շարունակեն Արցախի մէջ:

Ապրիլ 13ին, սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց Ճարտարապետներու եւ ճարտարագէտներու համահայկական ընկերակցութեան համանախագահ Գոհար Թութունճեանը եւ գործադիր տնօրէն Արփինէ Դանիէլեանը:

Թութունճեան նախարարին ներկայացուց համահայկական խոր-հրդաժողովը կազմակերպելու նպատակով Արցախ կատարած իր աշխատանքային այցի արդիւնքները եւ նշեց, որ Արցախի մէջ կայանալիք Ճարտարապետներու եւ ճարտարագէտներու 4րդ համաժողովի նախապատրաստական աշխատանքները համակարգելու համար հանդիպումներ ունեցած է Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարար Արայիկ Յարութիւնեանի, քաղաքաշինութեան նախարար Կարէն Շահրամանեանի եւ ոլորտի շարք մը ներկայացուցիչներու հետ:

«Հանդիպումների ընթացքում կարեւորուեց, որ համաժողովը նոր հնարաւորութիւն կը ստեղծի Արցախի քաղաքաշինութեան ոլորտի զարգացման գործում համահայկական ներուժի արդիւնաւէտ օգտագործման, փորձի փոխանակման, մասնագիտական որակների կատարելագործման համար: Այցի ընթացքում քննարկուեցին առաջիկայ անելիքները: Համաժողովի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը տեղի կ՛ունենայ Երեւանում, այնուհետեւ տարբեր երկրներից պատուիրակութիւններն ու հիւրերը կը ժամանեն Արցախ, թեմատիկ նիստերը կ՛ընթանան 5 ուղղութիւններով», նշեց Գոհար Թութունճեան:








All the contents on this site are copyrighted ©.