2018-04-13 10:37:00

Արեւելեան ուղղափառ եւ ուղղափառ եկեղեցիներու միջեւ աստուածաբանական երկխօսութիւն


1985 թուականին սկիզբ առած Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիներու եւ Ուղղափառ Եկեղեցիներու ընտանիքներու միջեւ աստուածաբանական երկխօսութիւնը 1993-ին փաստօրէն կանգ առած էր զանազան պատճառներու բերումով։

Յանձնաժողովի համա-ատենապետներու՝ Պիշոյ եւ Էմմանուէլ մետրոպոլիտներու առաջարկով եւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին նախագահութեամբ, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ 12 Ապրիլ 2018-ին հանդիպում մը տեղի ունեցաւ։ Հանդիպումին ներկայ էին ասորի եկեղեցիէն մետրոպոլիտ Ճորճ Սալիպա, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութենէն Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան եւ Հոգշ. Տ. Հրանդ Վրդ. Թահանեան՝ միջ-եկեղեցական յարաբերութեանց վարիչ եւ Անտիոքի յոյն ուղղափառ եկեղեցիէն ներկայացուցիչ մը։

Հանդիպումին նպատակն էր ընդհանուր արժեւորումի ենթարկել անցեալին կատարուած միացեալ յայտարարութիւնները եւ ապա յիշեալ գործընթացքը վերսկսելու կարելիութիւնները։

Աստուածաբանական յիշեալ գործընթացքին հիմնադիրներէն մէկը Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ըլլալով, ինչպէս նաեւ անոր կատարած յայտարարութիւններուն մէջ կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած ըլլալով, իր տեսակէտները փոխանձեց համա-ատենապետներուն՝ շեշտելով ուղղափառ երկու ընտանիքներուն միջեւ գործակցութիւնը ու աստուածաբանական երկխօսութիւնը շարունակելու հրամայականը։ Միաժամանակ Նորին Սրբութիւնը թելադրեց, որ յատուկ զգայնութիւն ցուցաբերուի անցեալէն եկող եւ եկեղեցիներուն միջեւ բաժանում յառաջացուցած, յատկապէս քրիստոսաբանական հարցերու գծով։

Որոշուեցաւ յանձնաժողովի լրիւ կազմին ժողովը գումարել յառաջիկայ Հոկտեմբերի վերջաւորութեան Կիպրոսի մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.