2018-04-11 09:04:00

Թուրքիա կ՛ամբաստանուի ահաբեկիչներուն քիմիական զէնք տրամադրելու յանցանքով


ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- ՄԱԿի մօտ Սուրիոյ դեսպան Պաշշար Ճաաֆարի Միացեալ Նահանգները, Թուրքիան, Քաթարը, Բրիտանիան եւ Ֆրանսան ամբաստանած է Սուրիոյ իշխանութիւններուն դէմ պայքարող ահաբեկիչներուն քիմիական զէնքեր տրամադրելու յանցանքով։

ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ Ապրիլ 9ին գումարուած եւ Սուրիոյ մէջ օգտագործուած քիմիական զէնքերու հարցին նուիրուած քննարկումին ընթացքին, Ճաաֆարի աւելցուցած է. «Մենք ուղղակիօրէն կը մեղադրենք Տոհան, Անգարան, Ուաշինկթընը, Փարիզն ու Լոնտոնը, որոնց պատճառով այսօր «Իսլամական պետութիւն», «Ճէյշ Իսլամ» («Իսլամական բանակ»), «Նուսրա Ճակատ» եւ այլ ահաբեկչական խմբաւորումներուն մօտ քիմիական զէնքեր գոյութիւն ունին»:

Ան աւելցուցած է, թէ նշեալ երկիրները ուղղակիօրէն հեղինակն են այն արիւնօտ քաղաքականութեան, որուն նպատակը՝ «Հոլիվուտեան բեմադրութիւններով» Սուրիոյ ինքնիշխանութեան տապալումն է:

Միւս կողմէ, ՄԱԿի մօտ Ռուսիոյ դեսպան Վասիլի Նեպենզիա ազդարարեց, թէ Սուրիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու կողմէ նախատեսուող ինքնագլուխ նոր յարձակում մը կրնայ «շատ, շատ վտանգաւոր» հետեւանքներ ունենալ։








All the contents on this site are copyrighted ©.