2018-04-11 15:15:00

Հայաստանի Խորհրդարանը միաձայն վաւերացուց ՀՀ-Եւրոմիութիւն համաձայնագիրը:


Հայաստանի խորհրդարանը միաձայն վաւերացուց Հայաստանի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ «Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան մասին» համաձայնագիրը:

Համաձայնագիրը վաւերացնելու մասին հարցին կողմ քուէարկեց 95 պատգամաւոր:

Հայաստանի եւ ԵՄ-ի միջեւ «Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան մասին» համաձայնագիրը ստորագրուած էր 2017 Նոյեմբեր 24-ին, Պրիւքսէլի մէջ:








All the contents on this site are copyrighted ©.