2018-04-10 10:00:00

Հայաստան ամբողջութեամբ անցաւ Խորհրդարանական Համակարգին։


9 ապրիլին «Կարէն Տէմիրճեան»-ի անուան մարզահամերգային համալիրին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի նորընտիր նախագահ Արմէն Սարգսեանի երդման պաշտօնական արարողութիւնը, որուն ներկայ գտնուեցան Ազգային ժողովի պատգամաւորներ, Հայաստանի մէջ հաւատարմագրուած դեսպաններ, մշակութային գործիչներ Հայաստանէն եւ այլ երկիրներէ, սփիւռքահայեր, հասարակական եւ քաղաքական գործիչներ:

Հայաստանի սահմանադրութեան համաձայն, նախագահը իր պաշտօնը կը ստանձնէ Ազգային ժողովի յատուկ նիստին, որուն բացումը կատարուեցաւ Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Արա Բաբլոյեանի խօսքով: Ապա նորընտիր նախագահ Արմէն Սարգսեան երդումը կատարեց` ձեռքը դնելով այս առիթով յատուկ մատենադարանէն բերուած 7-րդ դարու Վեհամօր Աւետարանի եւ Հայաստանի սահմանադրութեան մայր օրինակին վրայ. «Ստանձնելով հանրապետութեան նախագահի պաշտօնը, կ’երդնում հաւատարիմ ըլլալ Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրութեան, իմ լիազօրութիւններս կատարած ատեն ըլլալ անաչառ, առաջնորդուիլ միայն համապետական ու համազգային շահերով եւ իմ ամբողջ ուժս ներդնել ազգային միասնութեան ամրապնդման գործին», յայտարարեց ան:

Ապա Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսի հայրապետական օրհնութեան խօսքէն ետք, նորընտիր նախագահ Արմէն Սարգսեան մեծ պատիւ եւ պատասխանատուութիւն նկատեց նման բարձր պաշտօնի ստանձնումը` յայտարարելով, որ իր ամբողջ ուժով եւ եռանդով պիտի գործէ արդարացնելու համար այն յոյսերը, զորս իր վրայ կը դնեն Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի հայրենակիցները:  Ան անդրադարձաւ վերանկախացումէն ետք տարուած մեծ աշխատանքին, պետական կուռ համակարգի ստեղծման, բաց հասարակութեան գաղափարով եւ համամարդկային արժէքներով առաջնորդուող երկրի ստեղծման` նշելով, որ Հայաստանի անդամակցութիւնը Եւրասիական տնտեսական միութեան եւ Եւրոպական Միութեան հետ ստորագրուած գործընկերութեան համաձայնագիրը երկրի զարգացման համար նոր հեռանկարներ եւ կարելիութիւններ կը բանայ, իսկ կառավարման խորհրդարանական համակարգը լաւագոյն պայմաններ կը ստեղծէ այդ ուղղութեամբ:

Նորընտիր նախագահը հաստատեց, որ հայ ժողովուրդի հերոսական անցեալն ու փորձառութիւնը ցոյց կու տան, որ մեր պատմութիւնը առաւելապէս ոգիի պատմութիւն է: «Առանց այդ ոգիին եւ հաւատքին մենք կարողութիւնը չէինք ունենար խոր անցեալէն հասնիլ մինչեւ մեր օրերը», ըսաւ Արմէն Սարգսեան` աւելցնելով, որ մենք տարբեր ժողովուրդներու հետ համերաշխ համակեցութեան անգնահատելի փորձ ձեռք ձգած ենք ու մեր պատմութեամբ ապացուցած, որ արարող, ստեղծագործ, հաշտ եւ խաղաղ ժողովուրդ ենք: Ահա թէ ինչո՛ւ Հայաստանը հետեւողական կերպով միշտ յանձնառու կը մնայ տագնապները խաղաղ եւ բանակցային ուղիով լուծելու քաղաքականութեան, յառաջ կը տանի ցեղասպանութիւնները եւ մարդկութեան դէմ գործուած այլ յանցագործութիւնները կանխարգիլելու քաղաքականութիւն: «Այն մեծ ողբերգութիւնը, որ հայ ժողովուրդը ապրեցաւ 100 տարի առաջ` Մեծ եղեռնի տարիներուն, զգօնութեան դաս պէտք է ըլլայ բոլորին համար: Ուստի այսօր Ցեղասպանութեան ճանաչումն ինքնանպատակ չէ, մարդկութեան դէմ գործուած այդ ոճիրին` միջազգայնօրէն ընդունումն ու դատապարտումը կարեւոր քայլ է անոր կրկնութիւնը աշխարհին մէջ որեւէ տեղ բացառելու նպատակով», հաստատեց ան: Հանրապետութեան նախագահը նաեւ անդրադարձաւ Արցախի տագնապին, արցախցի ժողովուրդի իրաւունքներուն պաշտպանութեան կարեւորութեան, Հայաստանի մէջ փտածութեան դէմ պայքարելու անհրաժեշտութեան:

Նախագահ Սարգսեան նաեւ նշեց. «Մեր առաջնահերթութիւններէն մէկը պէտք է ըլլայ Հայաստան-Արցախ-սփիւռք միասնութեան համակողմանի ամրապնդումը: Պէտք է ընենք ամէն ինչ արհեստական հակասութիւններու վերացման ու մեր հաւաքական ուժի գիտակցման ուղղութեամբ»:

Նորընտիր նախագահը իր խօսքը եզրափակեց  դիտել տալով, որ պէտք է ներդրումներ կատարուին գիտութեան, կրթութեան եւ մշակոյթի ոլորտներուն մէջ: «Վստահ եմ, որ մենք ի վիճակի ենք Հայաստանը դարձնելու գրաւիչ գործընկեր: Կը վստահեցնեմ երիտասարդներուն, որ ես միշտ պիտի ըլլամ անոնց կողքին: Պիտի կերտենք նոր Հայաստան, հայրենիք աշխարհի ամբողջ հայութեան համար», աւարտեց ան

Արարողութենէն անմիջապէս ետք Արմէն Սարգսեան` պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեանի ընկերակցութեամբ այցելեց «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոն` յարգանքի տուրք մատուցելու Հայաստանի ազգային հերոս Վազգէն Սարգսեանի եւ հայրենիքի անկախութեան համար իրենց կեանքը զոհաբերած հայորդիներուն յիշատակին:

Աւելի ուշ վարչապետ Կարէն Կարապետեան Հայաստանի նախագահին ներկայացուց կառավարութեան հրաժարականը: Կառավարութեան անդամները պիտի շարունակեն իրենց պարտականութիւնները կատարել` մինչեւ նոր կառավարութեան կազմութիւնը:








All the contents on this site are copyrighted ©.