2018-04-08 12:26:00

Ֆրանչիսկոս Պապին 8 ապրիլի Մարեմեան աղօթքը. Կոչ Սուրիոյ համար։


(Վատիկան Նիուզ)  Աստուածային ողորմութեան կիրակի օրուայ առթիւ Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ մատուցած Սուրբ Պատարագի աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապ նոյն վայրէն արտասանեց «Ուրախ Լեր»  մարեմեան աղօթքը, որուն առթիւ շնորհակալութիւն յայտնեց «ողորմութեան միսիոնարներուն» որոնք մասնակցեցան սրբազան արարողութեան, ապա յատուկ շնորհաւորութիւններ ուղղեց Արեւելեան Եկեղեցիներու եղբայրներուն, որոնք այսօր կը տօնախմբեն Սուրբ Զատկուայ տօնը։ «Յարուցեալ Տէրը ձեզ լիացնէ լոյսով եւ խաղաղութեամբ ու մխիթարէ այն հասարակութիւնները որոնք կ՛ապրին յատուկ դժուար կացութեան մէջ» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը ապա ողջունեց “Romanò Dives” գնչուներու միջազգային օրուան մասնակիցները, անոնց եւս մաղթելով խաղաղութիւն ու եղբայրութիւն, եւ յոյս յայտնելով որ միջազգային այդ օրը խթանէ հանդիպումի մշակոյթը, հաստատելով թէ այդ է միակ ճանապարհը իսկական ներառումի մը համար։ 

Ֆրանչիսկոս Պապ հուսկ անոնցմէ խնդրեց որ աղօթեն իրեն համար ու հրաւիրեց միասնաբար աղօթել Սուրիացի փախստականներուն համար ըսելով «Սուրիայէն կը հասնին ահաւոր լուրեր բազմաթիւ զոհեր պատճառող ռմբակոծումներու մասին, որոնց շարքին են բազմաթիւ կիներ եւ մանուկներ։ Լուրեր անհատներու որոնք թիրախ են «քիմիական» զէնքերու։ Աղօթենք բոլոր մեռեալներուն համար, աղօթենք վիրաւորներուն համար ու բոլոր տառապող ընտանիքներուն համար։ Չկայ բարի եւ քէշ պատերազմ մը, եւ ոչ մի բան կարող է արդարացնել «ոչնչացման» այդ գործիքները գործածելու անմեղ բնակչութեան ու անհատներուն դէմ։ Աղօթենք որպէսզի քաղաքական ու զինուորական պատասխանատուները այլընտրանք մը կատարեն, ու ընտրեն  բանակցութեան ուղին, որ միակն է  որ կարող է տանիլ խաղաղութեան մը որ մահ ու կործանում չ՛ըլլայ։ 

Սրբազան Հայրը հրապարակը գտնուող բոլոր ուխտաւորները յանձնեց Մարիամին՝ ողորմութեան Մօր հովանիին։








All the contents on this site are copyrighted ©.