2018-04-08 08:00:00

Կիրակի 8 Ապրիլ 2018 - Նոր Կիրակի (Յովհ. Ա. 1- 7)


Եւ Բանն մարմին եղեւ եւ բնակեցաւ ի մեզ
Աստուծոյ խօսքը, որ ի յաւիտենից գոյութիւն ոնի եւ կը գործէ Աստուծոյ հետ աշխարհի բոլոր հրաշալիքներն ստեղծելով, ահա աստուածային կարգադրութեամբ` մարմին կ՛առնէ. Ստեղծողը կ՛ըլլայ ստեղծուած, Աստուծոյ որդին կ՛ըլլայ նաեւ մարդու որդի։ Մեծ է այս խորհուրդը, եւ աւելի մեծ է անոր տարողութիւնը մարդկութեան պատմութեան վրայ։ Անով է որ մարդ արարածը ամբողջովին կը կերպարանափոխուի եւ կը դառնայ գրեթէ աստուածային էակ մը։
Աստուծոյ մարդացած խօսքին կեանքն ու պատմութիւնը աւետարաններու մէջ գրուած է. Այս սքանչելի հրաշքը որ է Աստուծոյ մը ապրած մարդկային կեանքը աշխարհի վրայ, կը գերազանցէ ամէն տեսակ պատմութիւն եւ առասպել. Ան ճշմարիտ ու անհերքելի իրականութիւն է, որով Աստուած ներկայ կ՛ըլլայ իր իսկ ստեղծած մարդոց միջեւ, անոնց նման ըլլալով ամբողջովին, բացի մեղքէն։ 
Յովհաննէս Մկրտիչ կը վկայէ անոր մասին, իսկ Յովհաննէս աւետարանիչ` աւելի եւս մեծ վկայութիւն մը կու տայ, անձին մասին զոր իր աչքերով տեսաւ, իբրեւ առաքեալ Քրիստոսի եւ իր հաւատքի աչքերով` ըմբռնեց անոր մեծութիւնը, անոր աստուա-ծութիւնը, անոր գերազանցութիւնը ամէն բանէ վեր եւ ամէնուն որպէս փրկիչ։
Ինչ որ մեզ կը զարմացնէ Յովհաննէսի մօտ այն հանդարտ ու հանգիստ ըմբռնումն է աստուածային խորհուրդին։ Միւս աւետարանիչները, իրենց պատմած հրաշալիքներով` կ'ուզեն փաստել թէ Յիսուս իսկապէս Աստուծոյ Որդի է, ուղարկուած Հօրմէն աշխարհը փրկելու համար. Իսկ Յովհաննէս` ի սկզբանէ, աւետարնի սկիզբէն, մարդկային պատմութեան սկիզբէն, ստեղծագործութեան առաջին մէկ վայրկեանէն արդէն կը տեսնէ Որդւոյն նեկայութիւնը եւ ստեղծագործ ներդրումը` Հօր կողքին։
Հաւատամքին մէջ կ՜ըսենք` համագոյակից Հօր. Յովհաննէս զինք կ՜որակէ նաեւ որպէս համաստեղծիչ։ Սուր միտք մը անմիջապէս կ՜անդրադառնայ թէ Յովհաննէսի աւետարանի առաջին բառերը նոյնն են ինչ որ Հին Կտակարանի առաջին գրքի` Ծննդոց գրքին բառերը. Ի սկզբանէ...
Այս խօսքերով` Նոր Կտակարանը անքակտելիօրէն կը զօդուի Հինին հետ։ Նոյն Աստուածն է որ կը խօսի մեզի, հաւատացեալներուս. Նոյն հաւատքն է որ կը շարունակուի Աստուծոյ փրկչագործ ծրագրին ընդմէջէն։
Եւ մենք այսօր, որպէս շառաւիղներ սուրբ առաքեալներուն, կը շարունակենք նոյն խորհուրդին մէջ քալել, հաւատալով, առանց հասկնալու, յուսալով առանց վհատելու, շարունակելով նոյն աւանդութիւնը առանց խախտում կատարելու։ 
Այսօրուայ աւետարանը սկիզբն է Քրիստոսի աստուածայայտնութեան մարդ-կութեան մէջ, որպէս լուսաւոր շող մը որ կ՜առաջնորդէ դէպի երկնային օթեւանները։ Մենք կարող ենք հետեւիլ այս լոյսին, ինչպէս նաեւ կարող ենք անտեսել զայն եւ քալել խաւարի մէջ։ Սակայն մեր դիրքորոշումը մեզ պիտի դասէ Քրիստոսի հետ, արդարներուն մէջ, կամ մեզ պիտի զրկէ անոր լոյսէն եւ յաւիտեան պիտի կորսուինք խաւարին մէջ։
Եկէք այսօր, սիրելի հաւատացեալներ, կատարենք մեր ընտրութիւնը եւ խնդրենք Քրիստոսէն եւ բոլոր սուրբերէն հարկ եղած լոյսը որ առաջնորդէ մեր կամքը ուղիղ ընտրութիւն կատարելու եւ փրկելու մեր անձերը։ Ամէն։
Հայր Յովսէփ Քէլէկեան

 








All the contents on this site are copyrighted ©.