2018-04-04 11:28:00

Մարթին Լութեր Քինկի մահուան 50-ամեակը


(Ռատիօ Վատիկան) Այս տարի, ապրիլի 4ին կը բոլորի Մարթին Լութեր Քինկի մահուան 50-ամեակը։ Մարթին Լութեր Քինկ, արժանացած է Նոպելեան խաղաղութեան մրցանակին. սպանուած է Թենիսի նահանգի Մեմֆիս քաղաքին մէջ։ Սպանութենէն քանի մը օր ետք, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ, Հրեշտակ Տեառան աղօթքի ժամանակ, Պօղոս Զ. Քահանայապետը, որ 1964 թուականին Վատիկանի մէջ հանդիպած էր Մարթին Լութեր Քինկին, կʼարտայատէ իր ցաւը, «անպաշտպան անհատի եւ ցեղային համարկումի քրիստոնեայ մարգարէի» սպանութեան համար։ Մարթին Լութեր Քինկ, նաեւ Ֆրանչիսկոս Պապի համար ներշնչումի աղբիւր մըն է։ Սրբազան Հայրը անոր մասին խօսած էր 2015ի սեպտեմբեր 24ին, ԱՄՆի Քոնկրեսի առաջ ունեցած զեկոյցին ժամանակ, իսկ վերջերս ունկնդրութիւն տուած էր Մարթին Լութեր Քինկի կրտսեր դստեր՝ Պերնիս Ալպերթէնի, որ իր հօր նման կը գործէ ի նպաստ բռնութեան բարձումին եւ հակառակ խտրականութեան որեւէ ձեւի։ ՄԱԿի Ժընեւի գրասենեակի մօտ Սուրբ Աթոռի դէտը՝  Արքեպիսկոպոս Իւան Եուրքովիչ, Մարթին Լութեր Քինկի մահուան 50-ամեակին առիթով հարցազրոյց մը տուած է, ուր ուշադրութեան յանձնած է Մարթին Լութեր Քինկի եւ Ֆրանչիսկոս Պապի միջեւ գոյութիւն ունեցող իւրայատուկ ներդաշնակութիւնը։

Արքեպիսկոպոս Եուրքովիչ, հարցազրոյցին մէջ, Քինկը կʼանուանէ «կոթողային անձնաւորութիւն մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան պատմութեան մէջ»։ Անով կը սկսի «նոր ժամանակաշրջան մը», ուր տեղի կʼունենայ նաեւ ընկերութեան եւ ժողովրդավարութեան ընդհանուր զարգացում մը։ Քինկը անկասկածօրէն պատմութեան մէջ պիտի անցնի իբր 20րդ դարու մեծագոյն դէմքերէն մէկը։

Արքեպիսկոպոս Եուրքովիչ բաղդատութիւն մը կատարելով Ֆրանչիսկոս Պապի եւ Մարթին Լութեր Քինկի միջեւ, կը նկատէ, թէ երկու անհատներ են, որոնք եւրոպական մշակոյթին չեն պատկանիր։ Երկու անհատներ, որոնք համաշխարհային ուշադրութիւնը կը հրաւիրեն աշխարհի նոր մտապատկերի մը վրայ։ Մարթին Լութեր Քինկ պաշտպանած էր յատկապէս աֆրոամերիկացիներու իրաւունքները, մինչ  Ֆրանչիսկոս Պապ կը բանայ Եկեղեցւոյ մէկ նոր մտապատկերը։

Վերջապէս, Արքեպիսկոպոս Եուրքովիչ կը յայտնէ, թէ Սուրբ Աթոռը միշտ կʼաշխատի ՄԱԿի ուշադրութեան յանձնել էական խնդիրներ, ինչպէս՝ ցեղապաշտութիւն եւ խտրականութին։ ՄԱԿի ուշադրութիւնը պէտք չէ ըլլայ լոկ դիւանակալային, սահմանափակուելով այդ խնդիրներու ուղղութեամբ աշխատող անհատներու շրջանակէն ներս, այլ պէտք է նաեւ անձնաւորութիւններ անդրադառնան այդ խնդիրներուն, ինչպէս Ֆրանչիսկոս Պապ սքանչելի կերպով կը կատարէ, եւ որուն ջանքերը մեծապէս կը գնահատուին։ Սրբազան Պապը կը հաւատայ, թէ մարդկային անհատի միակ արժանակավայել ապագան այն է, որ կը պարփակէ բոլորը։ Պէտք է շարունակենք պաշտպանել այս տեսլականը, որուն կը հաւատար նաեւ Մարթին Լութեր Քինկ։








All the contents on this site are copyrighted ©.