2018-04-04 14:11:00

Հայ եկեղեցին եւ հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ


՝՝Խօսքը եւ նետը ետ չեն վերադառնար՝՝…

Ուրեմն՝ պէտք է լռելու պահը գիտնալ. այսպէս կը խրատէր փորձառու ծերունին, երբ իր ներկայութեան երիտասարդներ յանդգնէին հեղինակաւոր կարծիքներ արտայայտել, յատկապէս իրենց չվերաբերող նիւթերու մասին:
Ինչքա՜ն զգուշաւորութիւն կը պահանջուի իւրաքանչիւր անձէ, որպէսզի նախքան արտայայտուիլը մտածէ, թէ ի՞նչ հետեւանք կրնայ ունենալ իր արտասանած խօսքը:
Մարդու տեսակներուն մէջ զանազանութիւն դնելու լաւ միջոցներէն մէկն ալ, նայիլն է, թէ՝ ինչքա՞ն խօսող է տուեալ անձը: Անշուշտ ամէն ոք գիտէ, թէ «խօսիլ կայ, եւ… խօսիլ կայ»: Մեր եկեղեցին զուր տեղ խօսուած խօսքին համար՝ «զրախօսութիւն» բառը կը գործածէ, նոյնիսկ զանիկա մեղքերու ցուցակին մէջ արձանագրելով: Զրախօսութիւնը անշուշտ, դատարկաբանութեան, դատարկախօսութեան հոմանիշ, սակայն այդ պարզ բառը մեղք կը համարուի, երբ այդ դատարկաբանութեամբ ուրիշին վնաս հասցուի:
՝՝Խօսելու սիրոյն՝ խօսիլ՝՝ Ահա մարդկային այլ տեսակի մարմաջ, որ յաճախ տկար նկարագրով մարդոց կողմէ օգտագործուող յատուկ մեթոտ է: Ոմանք յաւելեալ «հանգամանք» տալու համար իրենց «խօսքին», ծխախոտի ծուխի գուլաներու օգնութեան կը դիմեն, սնապարծութեամբ իրենց գրասեղանին ետին պահուըտած:
Լռակեաց ըլլալուն մէջ պարտութիւն տեսնելու համոզումը ունենալով, ոմանք անպայման կ՛ուզեն արտայայտուիլ, գէթ «բան մը ըսել», որպէսզի ամէն մարդ իմանայ թէ «լեզու ունին» իրենք: Իսկ ուրիշներ հակառակ համոզումը ունենալով այս հարցին մէջ, լաւ կը հասկնան լռութեան «ոսկի» ըլլալը: Անոնք կը հասկնան «աչքերու լեզու»ն, եւ նոյնիսկ «կը խօսին» այդ լեզուով, առանց մէկ բառ արտաբերելու իրենց շրթներէն…:

Խօսելու ցանկութիւնը մանաւանդ հաւաքական կեանքին մէջ աւելիով զգալի կը դառնայ: Այլապէս մինակ մնացած մարդը երբ խօսելու սկսի, կասկածներ կը յառաջանան անոր մտային հաւասարակշռութեան վրայ, զայն նկատելով արդէն հոգեպէս խանգարուած անձ:
Դարձեալ հաւաքական կեանքին մէջ կան առիթներ, որոնց ընթացքին մարդիկ անպայման կ՛ուզեն արտայայտուիլ: Հաւաքներ, հրապարակային զրոյցներ, միտքերու փոխանակման համար կազմակերպուած կլոր սեղաններ եւ այլ առիթներ պատճառ կը դառնան որ մարդիկ անպայման արտայայտուին: Նման պարագաներու մէջ իսկ, շաղակրատելը անպայման արդիւնաւէտ չըլլար:

Հետաքրքրական երեւոյթ է նկատել, որ իւրաքանչիւր անձ անպայման կը յենի որոշ «յենակ»ի, ըլլայ այդ մարդ, դրամ, պաշտօն, հանգամանք կամ այլ տեսակի «սիւն»:

Օրինակ, ազդեցիկ մէկուն հովանաւորութիւնը վայելող անձը շատ համարձակ իր բերանը կը բանայ, վստահ ըլլալով, որ ամէն ոք նկատի ունենալով այդ ազդեցիկ մարդուն հովանաւորութիւնը, պիտի  յարգէ իր արտայայտած մտածումը: Ասիկա խեղճութեան ամէնէն ստորին մակարդակն է, եւ նման մարդու կողմէ արտայայտուած որեւիցէ մտածում բնաւ պէտք չէ՛ նկատի ունենալ:

Երկրորդ յենակը նիւթական հարստութիւնն է, որ դարձեալ «լեզու կու տայ» ու, մանաւանդ, սին պարծանք տուեալ անձին՝ իր ըսածին հիանալու: Պաշտօնն ու հանգամանքը, որ երրորդ տեղը կը գրաւեն, աւելի մեղմ ներկայութիւն կը դարձնեն տուեալ անձը, որուն ըսածին կարեւորութիւն տալու կամ չտալու ազատութիւնը ունին ունկնդիրները:
«Լռելու պահը գիտնալ»ու իմաստութիւնը շատ քիչերուն տրուած է: Ասոր փորձիչ պահը անարգանքն է: Որովհետեւ որեւէ մարդ անարգանքին դիմաց միշտ ինքնապաշտպանութեան կը դիմէ: Քրիստոս պէտք է ըլլալ, անարգանքին տոկալու եւ ձաղկումին հանդուրժելու համար… Յիսուս այդ ամէնը սիրայօժար կրեց եւ փաստօրէն… յաղթեց:
 

_ «Լռելու պահը գիտցի՛ր»: Ահա մեծագոյն խրատը՝ խրա՛տ սիրող մարդուն համար: Այլապէս օդին մէջ կատարուած հրավառութեան կայծերուն նման պահ մը քու ալ խօսքերդ պիտի զուարճացնեն ունկնդիրներդ, ու ապա ցնդին ու մոխրանան, եւ քամին զանոնք պիտի տարտղնէ աջ ու ձախ:
Մինչ, լռելու պահդ երբ գիտնաս, ճի՛շդ ատենին կը խօսիս, ո՛չ միայն պապանձեցնելով բոլորը, այլ քու խօսքիդ ենթակայութեան տակ բերելով զանոնք…








All the contents on this site are copyrighted ©.