2018-04-03 09:45:00

«Երուսաղէմի քրիստոնէական կառոյցները պէտք է մնան ազատ« Նախագահ Աուն։


Լիբանանի հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն կիրակի առաւօտեան ուղղուեցաւ Պքերքէ, ուր ներկայ գտնուեցաւ Ս. Զատկուան տօնին առիթով մատուցուած Ս. պատարագին:

Նախքան պատարագին ներկայ գտնուիլը, նախագահ Աուն հանդիպում մը ունեցաւ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին հետ:

Հանդիպումէն ետք նախագահ Աուն  շնորհաւորեց լիբանանցիները` յայտնելով, որ իրենց մաղթանքն է, որ Լիբանան եւս յարութիւն առնէ եւ Պաղեստինն ու Ս. Յարութեան եկեղեցին նախապէս իրենց ենթարկուած բռնարարքներուն չենթարկուին:

Նախագահ Աուն շեշտեց, որ Երուսաղէմի քրիստոնէական կառոյցները պէտք է մնան ազատ, որովհետեւ անոնց բռնագրաւումին պարագային պիտի ցամքի այն աղբիւրը, որ քրիստոնեաներու հոգւոյն ու քրիստոնեայ աշխարհին հոգեկան սնունդ կը պարգեւէ:

«Հետեւաբար քաղաքական մեր կեցուածքները պէտք է նպատակադրեն հետեւիլ պաղեստինեան հողերուն վրայ արձանագրուած իրադարձութիւններուն», ըսաւ ան:

Ապա նախագահ Աուն ներկայ գտնուեցաւ Ս. Զատկուան պատարագին, որուն ընթացքին Ռայի պատրիարքը իր քարոզին մէջ նշեց, որ Ս. Յարութեան տօնին առիթով իրենք կը ջանան մարդ արարածը մօտեցնել հոգեկան եւ բարոյական նոր բարձունքներու:

Ան բարձր գնահատեց նախագահ Աունի եւ լիբանանցի պատասխանատուներուն աշխատանքը` հաստատելով, որ երկրին սահմանադրական հաստատութիւնները վերադարձած են իրենց հեզասահ աշխատանքին:

Միւս կողմէ, սակայն, Ռայի պատրիարքը ընդգծեց, որ լիբանանեան պետութիւնը պատասխանատու է երկրին տնտեսական կացութեան բարելաւումին` աւելցնելով, որ սեփական դպրոցները ի վիճակի չեն ուսուցիչներուն աշխատավարձի 6 աստիճանի յաւելումները վճարել` առանց կրթաթոշակի յաւելումներուն:

Ռայի պատրիարքը վերստին լիբանանեան պետութենէն պահանջեց հոգալ այդ յաւելումները:

Նշենք, որ Ս. Զատկուան տօնին առիթով վարչապետ Սաատ Հարիրի հեռաձայնային հաղորդակցութիւններով շնորհաւորեց նախագահ Աունը եւ Ռայի պատրիարքը, ինչպէս նաեւ այլ պատասխանատուները, որոնց կարգին` Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահը, Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէն եւ բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունը:








All the contents on this site are copyrighted ©.