2018-04-02 12:30:00

Ֆրանչիսկոս Պապին 2 ապրիլի Մարեմեան Աղօթքը։


(Ռատիօ Վատիկան) Սուրբ Զատկուայ յաջորդ օրը, երկուշաբթի 2 ապրիլ 2018-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց «Ողջ լեր Թագուհի» մարեմեան աղօթքը որուն առթիւ ներկայացուց խորհրդածութիւն մը որուն մէջ նշեց թէ այսօր կոչուած է նաեւ «Հրեշտակի երկուշաբթի» որ կը յիշատակէ կիներուն այցը Յիսուսին գերեզման ու անոնց հրեշտակին հետ հանդիպումը որ անոնց կ՛աւետէ թէ «Յիսուս Յարութիւն առաւ»։

Այս առաջին Աւետումէն ետք աշակերտներու հասարակութիւնը  կը սկսի կրկնել «Տէրը իսկապէս Յարեաւ»  ըսաւ Քահանայապետը ու հաստատեց թէ «Յիսուս իր Յարութեամբ տապալեց բաժանումներու պատնէշները եւ վերականգնեցուց խաղաղութիւնը, հաստատելով եղբայրութեան նոր ցանց մը»։

Արդարեւ հարկաւոր է վերագտնել եղբայրութիւնը որ ապրուած էր առաջին քրիստոնեայ հասարակութեան ներքոյ - յարեց Սրբազան Պապը ընդգծելով թէ «Կարելի չէ ունենալ իսկական հաղորդութիւնը եւ հասարակաց բարիքի եւ ընկերային արդարութեան ի նպաստ յանձնառում, առանց եղբայրութեան եւ բաժնեկցութեան»։ Ան ապա հաստատեց թէ միայն եղբայրութիւնը կարող է ապահովել մնայուն խաղաղութիւն, կարող է յաղթահարել աղքատութիւնը, կասեցնել լարուածութիւններն ու պատերազմները եւ արմատախիլ ընել կաշառակերութիւնն ու  ոճիրները։

Թող որ Սուրբ Կոյս Մարիամը մեզի թիկունք կանգնի որպէսզի եղբայրութիւնն ու հաղորդութիւնը դառնան մեր կեանքի ապրելակերպ ու մեր յարաբերութիւններու ոգին։

Նորին Սրբութիւն ապա արտասանեց  Մարեմեան Աղօթքը որմէ ետք խօսքը ուղղելով հրապարակը համակմբուած հաւատացեալներուն մաղթելով անդորր օրեր ու հրաւիրեց ըլլալ Տիրոջ խաղաղութեան վկաները հուսկ հայցեց խաղաղութեան պարգեւը համայն աշխարհին համար, յատկապէս այն ժողովուրդներուն որոնք կը տառապին հակամարտութիւններու պատճառաւ։

Նորին Սրբութիւնը հուսկ յատուկ կոչ ուղղեց ի նպաստ առեւանգուած ու անարդար օրէն ազատութենէ զրկուած անձերուն  համար, որպէսզի կարողանան իրենց տուները վերադառնալ։

Ֆրանչիկոս Սրբազան Քահանայապետը ապա բոլոր ներկաներուն մաղթեց բարի Հրեշտակի երկուշաբթի օր եւ խնդրեց որ չմոռնան իրեն համար աղօթել։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.