2018-03-31 08:54:00

«Քրիստոսի Յարութիւնը Յոյսի եւ հաւատքի տօն է»։ Արհ. Գէորգ Եպիսկոպոս Ասատուրեան


Շատեր անհիմն ձեւով խօսեցան Քրիստոսի կեանքին եւ մանաւանդ յարութեան մասին, շատ մը անհաւատ փիլիսոփաներ փորձեցին զիրենք լսողները եւ ընթերցողները համոզել թէ քրիստոնէական կեանքը ու հաւատքը ապարդիւն են: Ասոնք Քրիստոսը նկատեցին երազային անձնաւորութիւն մը որ եկաւ հրեայ ժողովուրդը խաբելու:

Եւ սակայն այն տիկիններուն որոնք գերեզման գացած էին մաքրելու համար Քրիստոսի գերեզմանը հրեշտակը եկաւ աւետելու «Հոս չէ, յարութիւն առաւ»:

Աւետարանը մեզի ցոյց կու տայ թէ, Քրիստոսի խաչին վրայ մահէն ետք, Իր տարակուսող աշակերտները հասկցածն թէ մահը վերջ մը չէր, այլ՝ Յիսուս դարձեալ ներկայ էր ուրիշ էութեամբ: Այս իրականութիւնը նկարագրելու համար անոնք շատ մը արտայայտութիւններ օգտագործած են, ինչպէս «վերականգնեցաւ», «մեռելներէն զարթնեցաւ», «Հօր մօտ բարձրացաւ», «այժմ Հօր փառքին մէջն է», այսինքն՝ Աստուծոյ էութեան իսկ մէջն է: Այս բոլոր արտայայտութիւնները լատիներէնի թարգմանուած են Յարութիւն բառով:

Զատկի տօնական շրջանին՝ կը յիշենք մահը եւ յարութիւնը Տէր Յիսուս Քրիստոսի, որ մատնուեցաւ, չարչարուեցաւ, խաչուեցաւ իր թշնամիներէն եւ յաղթական կերպով յարութիւն առաւ:

 Զատկի առաւօտ կանուխ, Քրիստոս յարեաւ մեռելներէն եւ երեւելով իր աշակերտներուն, անոնց վստահեցուց իր աստուածային կարողութեան մասին:

Այսպէսով Զատկի տօնակատարութեան ժամանակ կը յիշենք մեր յարուցեալ Յիսուս Նազովրեցիի մատնութիւնը,  չարչարանքը, խաչելութիւնը, մահը եւ փառաւորեալ յարութիւնը:

Զատիկով Քրիտոնեաները անդրադարձան Աստուծոյ փրկչագործական ծրագրին՝ Քրիստոսի յարութեամբ միայն: Հրէական զատիկը հասաւ իր լրումին Քրիստոսի Յարութեամբ: Գառնուկի զոհաբերումը կը յիշեցնէ մեզի ազատագրումը մեղքի ծառայութենէն: Քրիստոսի Յարութիւնը յոյս տուաւ որ մարդիկ իրենց կարգին կը յաղթեն մահուան:

Ինչպէս Մովսէս հրեայ ժողովուրդը անապատէն առաջնորդեց՝ դէպի խոստացեալ երկիրը, նոյնպէս ալ Յիսուս՝ նո՛ր Մովսէսը առաջնորդեց նո՛ր ժողովուրդը դէպի խոստացուած երկիրը որ է Եկեղեցին:

Յիսուսի Յարութիւնը ուրեմն յաղթանակն է մահուան դէմ. բացառիկ յաղթանակ մը երբ նկատի առնենք աշխարհային պարտութեան իմաստը: Այս յաղթանակը օրէնքին բացառութիւնը չէ անշուշտ այլ՝ վստահութիւնը, թէ մենք ալ պիտի ապրինք այն ինչ որ Քրիստոսի պատահեցաւ: Արդարեւ, Քրիստոսի Յարութիւնը մեր Յարութեան խոստումն է: Յարութիւնը շօշափելի խորհրդանիշն է փրկութիւն իմաստին, որովհետեւ փրկուիլ կը նշանակէ ապրիլ միշտ եւ յաւիտենական սիրոյ կեանքին մէջ: Մենք յաւիտեան պիտի ապրինք Աստուծոյ մէջ, ինչպէս Քրիստոս պատուիրեց մեզի: Աշխարհային հասկացողութեամբ կեանքի իմաստը յաղթահարուած է, որովհետեւ Յարութիւնը մեզ յաւիտենական կեանքի կ'առաջնորդէ: Քրիստոսի Յարութիւնը երաշխիքն է մեզի տրուած խոստումներուն:

 Վերջապէս, Յարութիւնը մարդոց ողղուած խաղաղութեան հռչակում մըն է, եւ ոչ՝ պատերազմի հռչակում: Վերջացնելով իմ խօսքս, կ'ուզեմ կրկնել սրբուհի Թերեզա Մանուկ Յիսուսի խօսքը, թէ «Աստուած մեզ կը դիտէ մի միայն իր Որդիին դէմքով»:

 

† Հայր Գէորգ Եպս. Ասատուրեան

           Օգնական Եպիսկոպոս

  Պէյրութի Հայ Կաթողիկէ Թեմին








All the contents on this site are copyrighted ©.