2018-03-30 09:38:00

2017ը ամենածանր տարին էր Սուրիոյ երեխաներուն համար


ՊԷՅՐՈՒԹ.- Բրիտանական «Կարտ-իըն» թերթը հրապարակեց Պէյրութի իր թղթակից Մարթին Չուլովի պատրաստած տեղեկագիրը, որ 2017 տարին կը նկատէ Սուրիոյ երեխաներուն համար ամենածանր տարին»։ Հեղինակը կը նշէ, որ սուրիացի երեխաները, որոնք հասակ նետած են պատերազմի տարիներուն, կը տառապին մարմնական վնասուածքներէ ու անբաւարար սնունդէ, ինչպէս նաեւ հոգեբանական տագնապներէ՝ շեշտելով, որ այդ երեխաներուն վիճակը բարելաւելու որեւէ յոյսի շող չ՛երեւիր երկնակամարին վրայ։ Չուլով անդրադարձած է նաեւ ԵՈՒՆԻՍԷՖի զեկոյցին, որ կը նշէ, թէ 2017ին առնուազն 910 երեխաներ սպաննուած են Սուրիոյ քաղաքացիական պատերազմին ընթացքին։ Այդ թիւը 50 տոկոսով աւելի է 2016ի տուեալէն։ Նաեւ, աւելի քան 13 միլիոն քաղաքացի անմիջական օգնութեան կարիք ունի։ Անոնց աւելի քան կէսը երեխաներ են։ Նաեւ, Սուրիոյ մէջ տեղահանուած 6.1 միլիոնին 2.8 միլիոնը երեխայ է։








All the contents on this site are copyrighted ©.