2018-03-29 10:30:00

Լեւոն Արք. Զէքիեան կը հանդիպի Պոլսահայ կրթական մշակներու հետ


ՊՈԼԻՍ, «Ժամանակ».- Թուրքիոյ հայ կաթողիկէ հասարակութեան վիճակաւոր Լեւոն արք. Զեքիեան անցեալ շաբաթավերջին հանդիպեցաւ պոլսահայ խումբ մը կրթական մշակներու հետ:

Թրքահայ ուսուցչաց միութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած այս հաւաքին ժամանակ ողջոյնի խօսք արտասանեց վարչութեան ատենապետ Կարապետ Մխալեան: Այս հաւաքին համար մշակուած էր օրակարգ մը, որուն վրայ տեղ գտած էին ուղղագրութեան, արեւելահայերէնի եւ արեւմտահայերէնի, օտարաբանութիւններու նման հարցեր: Իւրաքանչիւր նիւթին շուրջ Զեքիեան արք.ը կրթական մշակներուն հետ թէ՛ բաժնեց իր մօտեցումները եւ թէ պատասխանեց անոնց հարցումներուն:








All the contents on this site are copyrighted ©.