2018-03-28 09:01:00

«Տառապող Եկեղեցիներու Օգնութիւն» հաստատութիւնը Աւագ Շաբաթը կը նշէ մարտիրոսներու յիշատակով։


(Ռատիօ Վատիկան) «Տառապող Եկեղեցիներու Օգնութիւն» հաստատութիւնը Աւագ Շաբաթը կը նշէ քրիստոնեայ մարտիրոսներու հաւատքի պատգամի ուղիին վրայ։ «Մենք այս շաբաթը կ՛ուզենք նշել հալածուած քրիստոնեաներու նշանով, անոնց որոնք կ՛ապրին մարտիրոսութիւնը, ու այս մէկը կը կատարեն ոչ միայն զոհուելով այլեւ ապրելով։ Անոնք արդարեւ մեր առաքելութեան կեդրոնն են ու մեր յոյսի ապաւէնը»։ Այս խօսքերով է որ Տառապող Եկեղեցւոյ Օօգնութիւն հաստատութեան Իտալական մասնաճիւղի տնօրէնը՝ Տիար Ալեսսանտրօ Մոնթետուրօ, «Վատիկան Նիուզ» գործակալութեան հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին, ուզեց պատմել հաստատութեան այս օրերուն ապրած հոգեվիճակը, ընդգծելով կարեկրութիւնը, յատկապէս նոր սերունդներուն համար, ըմբռնելու ու ճանչնալու աշխարհին մէջ մերօրեայ մարտիրոսներուն պատմութիւնները։

«Այդ պատմութիւնները,  ըսաւ Մոնթետուրօ, սիրոյ ու ներումի պատմութիւններ են, որոնք նոր սերունդներուն կարելիութիւն կու տան կառուցելու ու ամրապնդելու իրենց հաւատքի ուղեւորութիւնը»։ Ան ապա աւելցուց թէ աշխարհիկութիւնը մեզ կը տկարացնէ ու թէ համակեցութիւնը պէտք է հիմնուի երկխօսութեան վրայ ու թէ այդ երկխօսութիւնը պտղաբեր ըլլալու համար պէտք է կատարուի զօրեղ ու արի անձնականութիւններու միջեւ, որուն հետեւանքով կրօնական ազատութիւնը աւելիով կ՛ամրապնդուի։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.