2018-03-28 11:00:00

«Աւագ Շաբթուայ վերջին երեք օրերը» Ֆրանչիսկոս Պապին հրապարակային ունկնդրութիւնը։


(Ռատիօ Վատիկան) «Որովհետեւ Քրիստոս՝ մեր զատիկը՝ զոհուեցաւ մեզի համար. հետեւաբար տօ՛ն կատարենք՝ ո՛չ թէ հին խմորով, ո՛չ ալ չարամտութեան եւ չարութեան խմորով, հապա անկեղծութեան ու ճշմարտութեան անխմոր հացով»։ Կորընթացիներուն ուղղուած Ա նամակէն քաղուած այս հատուածին վրայ հիմնուելով Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, չորեքշաբթիի 28 Մարտ 2018-ին, Աւագ չորեքշաբթի օր, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ գլխաւորած հրապարակային ունկնդրութեան ընթացքին ներկայացուց օրուան խորհրդածութիւնը՝ շեշտը դնելով աւագ շաբթուայ վերջին երեք օրերուն վրայ, որոնք ըսաւ Քահանայապետը ծիսական տարւոյն ամենակարեւոր օրերն են՝ մեզի հաւացեալներուս համար։

Անոնք արդարեւ կը կազմեն Մէկ Խորհուրդի յիշատակի ծիսակատարութիւնը՝ Մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի մահուան եւ Յարութեան խորհուրդը։ Սրբազան Պապը ապա մատնանշեց այդ երեք օրերուն, Աւագ հինգշաբթին, ուրբաթն ու շաբաթը, որոնք լատինական ծէսին մէջ կոչուած են «Triduo Pasquale» այսինքն« Զատկի տխրութիւնը» որ սկիզբ կ՛առնէ աւագ հինգշաբթի՝ Իւղերու օրհնութեան պատարագով ու վերջ կը գտնէ Յարութեան Կիրակիի ժամասացութեան արարողութեամբ։

«Այս  օրերը մեր հաւատքի ու աշխարհի մէջ մեր կոչումին հիմնական իրողութիւնն են ու բոլոր քրիստոնեաները կանչուած են այդ երեք սուրբ օրերը ապրելու որպէս իրենց անձնական ու հասարակական կեանքի «կաղապարը», այնպէս ինչպէս եգիպտոսէն ելքը կաղապար հանդիսացաւ մեր հրեայ եղբայրներուն համար» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ ընդգծելով թէ այդ երեք օրերը մեզի կը ներկայացնեն Քրիստոսի փրկագործութեան կարեւոր ու նշանակալից իրադարձութիւնները, որոնց աւարտին կը լսենք Յարութեան հանդիսաւոր Աւետիսը «Քրիստոս, մեր յոյսը, Յարութիւն առաւ, ու մեզմէ առաջ գնաց Գալիլեա»։ Այս բառերը կը պարունակեն ոչ միայն ուրախութեան եւ յոյսի աւետիս մը,  այլեւ առաքելութեան պատասխանատուութեան կոչ մը։  Այդ Աւետիսը մեր հաւատքի ու մեր յոյսի կեդրոնն է զոր եկեղեցին կը շարունակէ աւետարանել - ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ու մէջբերեց Սուրբ Պօղոսին խօսքերը.  «Որովհետեւ Քրիստոս՝ մեր զատիկը՝ զոհուեցաւ մեզի համար. հետեւաբար տօ՛ն կատարենք՝ ո՛չ թէ հին խմորով, ո՛չ ալ չարամտութեան եւ չարութեան խմորով, հապա անկեղծութեան ու ճշմարտութեան անխմոր հացով»։

Աւագ Շաբթուայ վերջին երրօրեայի ընթացքին կը յիշատակենք Յիսուսին ապրած օրերը ու միեւնոյն ատեն մեր մէջ կը նորոգուի մկրտութեան խորհուրդը, ինչպէս կ՛ըսէ առաքեալը « Քանի որ Յարութիւն առիք Քրիստոսով, փնտռեցէք ինչ որ ի վերուստ է…մտածեցէք երկնային բաներուն եւ ոչ թէ երկրաւորին» - յարեց Նորին Սրբութիւնը դիտել տալով թէ «Քրիստոնեայ մը որ ինքզինք կը մերկացնէ հին մարդէն, քալելու համար նոր կեանքի ուղեւորութեան վրայ, հակառակ իր մեղաւոր ըլլալուն, չի կրնար կաշառակեր ըլլալ, չի կրնար ապրիլ հոգեկան մահը եւ ոչ ալ դառնալ մահուան պատճառ։ Անոր համար մերձաւորը, յատկապէս տառապող ու թշուառը, կը դառնայ այդ շօշափելի դիմագիծը որուն նուիրել սէր, զոր նոյնինքն Յիսուս՝ նուիրած է մեզի»։

«Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, պատրաստուինք լաւապէս ապրելու այս օրերը որպէսզի լաւապէս մխրճուինք Քրիստոսի խորհուրդին մէջ որ մեռաւ ու Յարութիւն առաւ մեզի համար» հրաւէր ուղղեց ապա Ֆրանչիսկոս Պապ հայցելով որ «Սուրբ Կոյսը  որ Յիսուսին հետեւեցաւ անոր չարչարանքներուն մէջ ու ներկայ գտնուեցաւ Անոր Խաչին ոտքին, ապա իր Մօր սրտով ընդունեց Յարութեան ուրախութիւնը, ըլլայ մեզի ուղեկից»։

«Թող որ Տիրամայրը մեզի համար ընդունի  շնորհքը ներքնապէս ներգրաւուած ըլլալու այս օրերու ընթացքին որպէսզի մեր սիրտն ու մեր կեանքը բարեփոխուին» – ըսաւ հուսկ Սրբազան Քահանայապետը ու խորհրդածութիւնը աւարտեց բոլոր ներկաներուն մաղթելով շնորհաւոր Սուրբ Զատիկ։ 

Ան ապա զանազան լեզուներով ողջունեց հրապարակը համախմբուած հաւատացեալ հազարաւոր ուխտաւորները հուսկ յատուկ ողջոյնի խօսք ուղղեց երիտասարդներուն, հիւանդներուն ու նորապսակներուն, զանոնք եւս հրաւիրելով խոկալ Զատիկը նախորդող այդ երեք օրերու վրայ. Խոկալ այն արեան գինին վրայ զոր Տէրը վճարեց մեր փրկութեան համար, ապա Աւագ Ուրբաթ օրուայ դրուագներէն սորվիլ համբերութիւն ունենալ խաչի պահուն։ «Մինչ Յարութեան կիրակին թող ձեզ լիացնէ Քրիստոսի ձեռք բերած յաղթականի ուրախութեամբ» մաղթանք յայտնեց Սրբազան Պապը եզրափակելով հրապարակային անկնդրութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.