2018-03-28 08:47:00

Մար Մարունի դամբարանը քանդելու Թրքական արարքի դատապարտում


«Արդեօք ինչո՞ւ թուրքերը քանդեցին Սուրիոյ մէջ Մար Մարունի դամբարանը եւ Սուրիոյ մարոնիական հնութիւնները, այլ խօսքով` այդ շրջանին մէջ քրիստոնէական գոյութեան փաստերը», հարց տուաւ հայր Եուսեֆ Մուաննես:

Իր տուած հարցումին հայր Մուաննես պատասխանեց ըսելով, թէ անիկա ցեղասպանութիւն մըն է, այնպէս ինչպէս թուրքին կողմէ գործուած է հայ ժողովուրդին դէմ, եւ մինչեւ օրս ուրացումի քաղաքականութիւն կը կիրարկուի այդ իմաստով:

«Մարդկային աւանդներու եւ ժողովուրդներուն պատկանող հնութիւններու քանդումը յիշողութեան ու ժողովուրդներու արժէքներու սպանդ կը նկատուի», ըսաւ հայր Մուաննես:

Ան ընդգծեց, որ այս արարքը կը դատապարտուի բոլոր կրօններուն կողմէ, որովհետեւ անիկա բարբարոս, անմարդկային եւ վայրագ արարք մըն է, ինչպէս նաեւ տգիտութիւն, որ առաջին անգամ չէ, որ կը դրսեւորուի Թուրքիոյ կողմէ: Այս արարքները կտրականապէս դատապարտելի են եւ մերժելի: Պատմութեան յիշողութիւնը այս բարբարոսութիւնը պիտի չմոռնայ: «Բարբարոսութիւն մը, որ թիրախ դարձուց մարոնի եկեղեցւոյ պատմութեան եւ քրիստոնեայ Սուրիոյ մէջ կարեւորագոյն վայրը», ըսաւ հայր Մուաննես` աւելցնելով, որ թուրքերը միայն Մար Մարունին դամբարանը չէ, որ քանդած են, այլեւ` շարք մը այլ հնութիւններ ու պատմական վայրեր, որոնց շարքին` եկեղեցիներ:

Հայր Մուաննես ՄԱԿ-էն եւ մարդկային իրաւունքները հետապնդող խմբաւորումներէն պահանջեց դատապարտել թրքական այս վայրագ արարքը, որ համազօր է ՏԱՀԵՇ-ի արարքներուն: «Գործուած այս բարբարոսութիւններուն առումով թուրքերուն եւ ՏԱՀԵՇ-ի միջեւ տարբերութիւն չկայ», ըսաւ հայր Մուաննես:

Ան նշեց, որ Համաշխարհային Բ. պատերազմին ընթացքին Եւրոպային իշխած նացիական Գերմանիան եւ Հիթլերը Փարիզի մէջ չգործեցին այն արարքները, որոնք թուրքերը գործեցին հիւսիսային Սուրիոյ Պրատ շրջանին մէջ, ընդհակառակն` անոնք հնութիւններն ու թանգարանը կատարեալ քաղաքակրթութեամբ պահպանեցին: «Մինչդեռ Թուրքիա այսօր ազատութեան, քաղաքակրթութեան, արժանապատուութեան եւ ժողովուրդներու յարգանքին դէմ գործած իր ամէն տեսակի բարբարոսութիւններուն կողքին կը փափաքի Եւրոպա մուտք գործել: Ինչպէ՞ս Թուրքիա եւրոպական արժէքներ պիտի կարենայ իւրացնել, երբ ան ժողովուրդի իրաւունքներուն ու արժէքներուն դէմ կը պատերազմի եւ դարձած է հաւատադրժողականութեան մարմնացումը», հարց տուաւ ան:

Իր կարգին, Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ թուիթըրեան գրառումով մը նշեց, որ Սուրիոյ մէջ ապրած եւ ամբողջ Արեւելքի մէջ քրիստոնէութիւնը տարածած Մար Մարունի դամբարանին քանդումը` Պրատի մէջ, զիրենք յաւելեալ հաւատքով կը զինէ եւ հողին մէջ խրած իրենց արմատները աւելի եւս կը խորացնէ:

Իր կարգին, Արեւելքի արդի հաստատութեան նախագահ, նախկին երեսփոխան Քամիլ Խուրի հաստատութեան եւ Արեւելքի մէջ Աստուծոյ ու անոր սուրբերուն հաւատացող բոլոր հաւատացեալներուն եւ մարոնի եկեղեցւոյ անունով դատապարտեց այդ եկեղեցւոյ հիմնադիր հօր` Ս. Մարունի դամբարանը քանդելու թրքական քստմնելի արարքը:

Խուրի շեշտեց, որ Պրատի մէջ Մար Մարունի պատմական եկեղեցւոյ եւ դամբարանին ու անոնց ներկայացուցած խորհրդանիշին քանդումը խիստ դատապարտելի է:

Խուրի կոչ ուղղեց Ֆրանչիսկոս պապին, Արեւելքի պատրիարքներուն եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինին` միջամտելու եւ պատժելու բոլոր այն դահիճները, որոնք մարդկային, աւանդներու եւ հաւատքի այս սպանդները կը գործեն` անոնց արարքները արգիլելու նպատակով:

Խուրի կոչ ուղղեց ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ին, ՄԱԿ-ին եւ Միջազգային կարմիր խաչին` բացայայտելու պատահարը եւ կանխարգիլելու ապագային նմանօրինակ ոճիրներու գործադրութեան հաւանականութիւնը:








All the contents on this site are copyrighted ©.