2018-03-27 11:55:00

Սուրբ Երկրի հիմնարկի դրամահաւաքը ի նպաստ Սուրբ երկրի քրիստոնեաներուն։


(Ռատիօ Վատիկան) Ինչպէս ամէն տարի Սուրբ Զատկուայ տօնին նախօրեակին, եկեղեցին հրաւէր կ՝ուղղէ հաւատացեալներուն ՝աջակցելու Սուրբ Երկրի Սուրբ Վայրերու  կարիքներուն՝ «Սուրբ երկրի դրամահաւաք»  միջոցառումով որ տեղի կ՝ունենայ ամէն տարի Աւագ Ուրաթ օր:

«Սուրբ Երկրի հիմնարկի նախաձեռնութեամբ կատարուած դրամահաւաքի  հասոյթը յատկացուած է Սուրբ  Երկրի քրիստոնեաներուն,  որոնք կ՝ապրին եւ կը գործեն  Յիսուսին ապրած վայրերուն մէջ»: Այս մասին գրուած  է Սուրբ Երկրի հիմնարկի հրապարակած տեղեկագիրին  մէջ  ուր նշուած է նաեւ թէ- Ֆրանչիսկեաններու կողմէ ստացուած նուիրատուութիւնները  յատկացուած են ընկերային եւ  հովուական ծառայութիւններուն, ինչպէս նաեւ Սրբավայրերու: 

Նուիրատուութիւններուն 65 առ հարիւրը կը ստանայ Սուրբ երկրի պահակը մինչ՝ 35 առ հարիւրը կը յատկացուի այլ հաստատութիւններուն որոնք կը գործեն Սուրբ Երկրին մէջ:  

Աւագ Ուրբաթ օրուան  Սուրբ  Երկրի հիմնարկի  դրամահաւաքի մասին արտայայտուած է  նաեւ  Սուրբ Երկրի պահակը՝ Հայր Ֆրանչեսքօ  նշելով որ  

«Աւագ ուրբաթ օրուան դրամահաւաքը՝ որուն կանչուած են սատարելու աշխարհի բոլոր քրիստոնեաները  կը նպաստէ Սուրբ Երկրի փոքրիկ քրիստոնեայ հասարակութեան, որ  կարիքը ունի  հոգեւոր  աջակցութեան ու քաջալերանքի, ինչպէս նաեւ նիւթական օժանդակութեան»։  Ան ապա հարց տուած  է ըսելով թէ  «ի՞նչպէս կարելի է  պահպանել մեր փրկչագործութեան վայրերը  որոնք  նպատակավայր  է ամբողջ աշխարհի միլիոնաւոր ուխտաւորներուն եւ  որոնք Սուրբ Երկիր կը ժամանեն վերանորոգելու իրենց հաւատքը, հոն  ուր ամէն ինչ սկիզբ առած է»: 








All the contents on this site are copyrighted ©.