(Ռատիօ Վատիկան) Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի կառավարիչ՝ կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրի, անցեալ շաբաթ օր, Ֆրանչիսկոս Պապին յանձնեց «Կաթողիկէ Արեւելք» հատորի նոր հրատարակութիւնը որ լոյս տեսած էր Ժողովի հարիւրամեակին առթիւ (1917-2017)։
Հատորին մէջ պարունակուած են Արեւելեան Կաթողիկէ Եկեղեցիներու մասին կարեւոր տեղեկութիւններ։ Հատորը առաջին անգամ հրապարակուած էր 1974-ին, այս նոր տպագրութեան մէջ վերատեսուած են ըլլայ պատմական ըլլայ եկեղեցաբանական տեղեկութիւնները ու աւելացուած են յղումներ ու տեղեկանքներ ինչպէս նաեւ քարտէզագրական բաժին, ընդգծելու համար այդ շրջաններու մէջ կաթողիկէ եկեղեցւոյ ներկայութեան վայրերը։
Հատորը կազմուած է երեք գիրքերէ ու կարելի է զայն ստանալ նաեւ թուայնացուած տարբերակով։ Հատորին մասին տեղեկութիւնները հրապարակուած են ապա www.orientecattolico.com կայքէջին մէջ։
Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի կառավարիչի մաղթանքն է որ Թեմերը, Ժողովրդապետութիւնները, կազմաւորումի հաստատութիւնները, համալսարաններն ու դպրոցները, առիթ ստեղծեն քննարկելու եւ խորացնելու Միջին Արեւելիքի՝ քրիստոնէական հաւատքի ու մշակոյթի դարաւոր հարստութեան պատմութիւնը, ինչպէս նաեւ ապրուած տառապանքները, որպէսզի Արեւելքի քրիստոնէութիւնը միշտ աւելիով ճանչցուի ու գնահատուի - յայտնած է Կարդինալ Սանտրի։
Սուրբ Զատկուայ տօնէն անմիջապէս ետք պիտի կազմակերպուին հատորի ներկայացումներ։
All the contents on this site are copyrighted ©. |