2018-03-26 08:40:00

ՄԱԿին կոչը Թուրքիոյ. ջնջել արտակարգ դրութիւնն ու դադրեցնել Մարդու Իրաւունքներու խախտումները


ՄԱԿ Թուրքիոյ կոչ կ՛ուղղէ` ջնջելու յուլիս 2016-էն ի վեր գործող արտակարգ դրութիւնը, որ պատճառ դարձած է մարդու իրաւունքներու լայնածաւալ խախտումներու, ներառեալ 160 հազար մարդու ձերբակալութիւնը եւ շուրջ նոյն քանակութեամբ քաղաքային ծառայողներու աշխատանքէ վտարումը: Այս մասին կը հաղորդէ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը:

ՄԱԿ-ի մարդու իրաւունքներու գրասենեակը յայտարարութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան արտակարգ դրութիւն հաստատած է երկրին մէջ 2016-ին յեղաշրջման փորձէն ետք եւ արձակած աւելի քան քսան հրամանագիրներ, որոնք ձերբակալուածներու դէմ խոշտանգումներու, անպատժելիութեան եւ դատական մարմիններու աշխատանքին միջամտութեան պատճառ դարձած են:

«Թուրքիան պէտք է անյապաղ ջնջէ արտակարգ դրութիւնը եւ վերականգնէ հաստատութիւններու բնականոն գործունէութիւնն ու օրէնքի գերակայութիւնը», ըսուած է զեկուցումին մէջ:

ՄԱԿ նաեւ կը նշէ, որ հրամանագիրներու թիւը, յաճախականութիւնը եւ որեւէ ազգային սպառնալիքի հետ կապի բացակայութիւնը ցոյց կու տան, որ արտակարգ դրութիւնը կ՛օգտագործուի քննադատութիւնը եւ այլախոհութիւնը ճնշելու համար:

«ՌԻԱ Նովոսթի» իր կարգին կը հաղորդէ, թէ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը ՄԱԿ-ի զեկուցումը նկատած է անիմաստ եւ կողմնակալ:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ զեկուցումը անիմաստ է, որովհետեւ զայն կազմողները «ամբողջովին արհամարհած են» Թուրքիոյ ուղղուած ահաբեկչական վտանգները, ինչպէս նաեւ յեղաշրջումի փորձի հետեւանքները, որոնք կը սպառնային պետութեան ժողովրդավարական կեանքին եւ մարդու իրաւունքներուն:

«Մարդու իրաւունքներու հարցերով գերագոյն յանձնակատարին կողմէ հրապարակուած վերջին փաստաթուղթը կը բովանդակէ անհիմն մեղադրանքներ, որոնք կը համընկնին ահաբեկչական կազմակերպութիւններու քարոզչութեան հետ», յայտնած է նախարարութիւնը:

Անգարա կը յայտնէ, որ զեկուցումը կը նկատէ անընդունելի եւ զայն կը քննադատէ:








All the contents on this site are copyrighted ©.