2018-03-26 09:21:00

Արամ Ա Հայրապետին պատգամը Ծաղկազարդի տօնին առիթով


Անթիլիասի մայրավանքը Կիրակի, 25 Մարտ 2018-ին, իր շրջափակին մէջ ընդունեց հազարաւոր հայ ընտանիքներ, որոնք եկած էին տօնելու Յիսուս Քրիստոսի յաղթական մուտքը Երուսաղէմ եւ վերանորոգուելու տօնին պատգամով: Այս առիթով, մայր տաճարին մէջ Ս. եւ անմահ պատարագ մատուցեց Նարեկ արք. Ալեէմէզեան:

Մանուկներու թափօրի աւարտին Արամ Ա. կաթողիկոս իր հայրապետական պատգամը տուաւ վեհարանի պատշգամէն: Վեհափառ հայրապետը ողջունելէ ետք ներկայ հաւատաւոր ժողովուրդը, բարձր գնահատեց հայ ծնողներուն նախանձախնդրութիւնը` իրենց զաւակները Աստուծոյ մօտեցնելով ու եկեղեցի առաջնորդելով: Այս առիթով ան նաեւ յիշեցուց հայ ընտանիքին առանցքային դերը հայ մանուկը դաստիարակելու հոգեւոր, ազգային ու բարոյական արժէքներով` հայ ընտանիքը նկատելով իբրեւ եկեղեցի, դպրոց եւ հայրենիք:

Ապա Արամ Ա. կաթողիկոս յայտնեց, որ հայոց պատմութեան փոթորկալից ժամանակներուն մէջ հայ ժողովուրդը միշտ տոկացած է շնորհիւ Քրիստոսի նկատմամբ իր ունեցած հաւատքին եւ ինչպէս անցեալին, այսօր եւս հայ եկեղեցին մեր ազգին հոգեւոր, ազգային ու բարոյական արժէքներուն աղբիւրն է ու հարազատ արտայայտիչը:

Վեհափառ հայրապետը իր պատգամը եզրափակեց աղօթելով առ Աստուած, որ հայ մանուկները Հայաստանի, Արցախի եւ ի սփիւռս աշխարհի պահէ Իր հովանիին ներքեւ եւ հայօրէն ու քրիստոնէական արժէքներով լիցքաւորէ զանոնք:

Յայտնենք, որ հանդիսապետութեամբ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, երեկոյեան տեղի ունեցաւ Դռնբացէքի հոգեպարար արարողութիւն, որուն ընթացքին քարոզեց Նարեկ արք. Ալեէմէզեան:








All the contents on this site are copyrighted ©.