2018-03-25 12:08:00

Ֆրանչիսկոս Պապին՝ 25 Մարտի Մարեմեան աղօթքը։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի 25 Մարտին, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ նախագահած Ծաղկազարդի տօնի արարողութեան աւարտին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, նոյն վայրէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը։ 

Աղօթքէն առաջ Նորին Սրբութիւնը ողջոյնի խօսք մը ուղղելով ներկաներուն շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց,  յատկապէս երիտասարդներուն ու   նաեւ Իտալիոյ Փերուվացի հասարակութեան։

Սրբազան Քահանայապետը ապա նշեց թէ այսօր կը յիշատակուի թեմական մակարդակի վրայ երիտասարդներու համաշխարհային օրը, այդ օրը նկատելով կարեւոր փուլ մը այն ուղեւորութեան որ կ՛ընթանայ դէպի  յառաջիկայ հոկտեմբերին գումարուելիք երիտասարդներուն նուիրուած եպիսկոպոսներուն սիւնհոդոս եւ 2019-ի Յունուարին  Փանամայի մէջ նշուելիք երիտասարդներու համաշխարհային հաւաք։

Այդ ուղեւորութեան ընթացքին մեզի կ՛ընկերանայ Մարիամը, Նազարէթի երիտասարդուհին որ Աստուած ընտրեց որպէս իր Միածին Որդւոյն Մայր։ Ան մեր հետ կ՛ընթանայ ու կ՛առաջնորդէ նոր սերունդները՝ անոնց հաւատքի եւ եղբայրութեան ուխտագնացութեան ընթացիկն - ըսաւ Քահանայապետը ու խօսքը եզրափակեց հայցելով որ «Մարիամ մեզ օգնէ նաեւ լաւապէս ապրելու Սուրբ Շաբաթը։ Անորմէ սորվինք ներքին լռութիւնը, սրտի հայեացք ունենալը ու կրքոտ հաւատքը՝ հետեւելու Յիսուսին մինչեւ Խաչ. ճանապարհ մը որ կ՛առաջնորդէ դէպի Յարութեան ուրախալի լոյսին։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.