2018-03-25 08:00:00

Կիրակի 25 Մարտ 2018 Ծաղկազարդ Փառք գալստեան քո Տէր (Մատթէոս Ի. 29 - ԻԱ. 17)


Ահա Քրիստոս յաղթական մուտք կը գործէ Երուսաղէմ ու կը հասնի մինչեւ տաճար։ Իր երրորդ պաշտօնական գալուստն է դէպի տաճար։ Առաջին անգամ` փոքրիկ երեխայ մըն էր, հազիւ 40 օրուայ, երբ ծնողքը զինք տաճար բարձրացուցին որպէսզի նուիրեն Աստուծոյ. Ապա 2 աղաւնիներ տալով զինք ետ տուն բերին։

Երկրորդ անգամ` ան տաճար ելաւ դարձեալ իր ծնողքին հետ, երբ 12 տարեկանը ամբողջացուցած էր ու այլեւս կրնար Սուրբ Գիրքը ընթեռնուլ. Ձեւով մը իր Պար-Միցվան էր, այս երկրորդ գալուստը։ Հոն տաճարին մէջ, այդ փոքր տարիքին` ան սկսաւ ուսուցանել դպիրներուն եւ քահանաներուն։

Այս երրորդ գալուստը, ծաղկազարդի օրը, մեսիական գալուստն է. Ան մուտք կը գործէ որպէս Դաւթի Որդի, այսինքն որպէս խոստացուած Մեսիան։

Սակայն Քրիստոս լաւ գիտէր թէ այս իր վերջին գալուստն էր դէպի տաճար. Այն ինչ որ տեղի կ՛ունենար իր առջեւ, ամբոխը որ Ովսաննա-ներով կ՛ողջունէր զինք, մեծերն ու պզտիկները որոնք արմաւենիի եւ ձիթենիի ճիւղերով զինք կը դիմաւորէին, երեւոյթ մըն էր որ ցնորքի պէս պիտի ցնդէր մի քանի օր ետք, երբ քահանաները զինք պիտի դատէին եւ պիտի յանձնէին հռովմայեցի կառավարիչին, որպէսզի խաչի վրայ մեռնէր։

Դռնբացի զուտ հայկական արարողութեան ընթացքին, կ՛երգցուի Իմաստուն Կուսանք շարականը, որ կը յիշեցնէ մեզի Յիսուսի պատմած մէկ առակը ճիշդ այս շրջանին, այսինքն Ծաղկազարդէն մինչեւ Աւագ հինգշաբթի։ Այս առակով` Յիսուս կ՛ուզէ մեզ պատրաստել իր վերջին գալստեան, երբ պիտի գայ, աշխարհիս վերջաւորութեան, դատելու համար բոլոր մարդկութիւնը։ Այն կոյսերը որոնք աւելորդ ձէթ առած են իրենց հետ, անոնք են որ պատրաստ են Տիրոջ առջեւ ելլելու, որովհետեւ իրենց հաւատքի կանթեղը միշտ լուսաւոր մնացած է, շնորհիւ իրենց իմաստութեան ու խոհեմութեան։ Իսկ անոնք որ նոյն իմաստութիւնը չունեցան եւ չամբարեցին աւելորդ ձէթը, այսինքն հարկ եղած պաշարը կանթեղին լոյսը միշտ վառ պահելու համար, պիտի չկարենան մտնել Տիրոջ արքայութեան մէջ։ Իւղի պաշարը մեր հաւատքն է:

Ծաղկազարդի օրը սովորութիւն կայ կատարելու թափօրը մանուկներու. Անոնք էին որ տաճարին մէջ` Յիսուսի գովասանքը կը հիւսէին զինք կոչելով Դաւթի Որդի։ Քահանաները անշուշտ չկրցան մարսել այս մէկը եւ խնդրեցին Յիսուսէն որ լռեցնէ զիրենք. Սակայն Տէրը արդարացուց անոնց աղաղակը եւ ուրախ բացագանչութիւնը, որովհետեւ մանուկներու բերնէն է որ կ՛ելլէ ճշմարտութիւնը։

Եթէ այսօր մեզի ալ տրուի կարելիութիւնը Քրիստոսի մասին արտայայտուելու, ի՞նչ պիտի ըսենք եւ ինչպէ՞ս պիտի կոչենք զինք։ Մանուկներու նման` անկեղծութիւնը պիտի ունենա՞նք արդեօք զինք կոչելու մեր Տէրն ու Աստուածը, թէ ամչնալով մեր շուրջիններէն պիտի չհամարձակինք արտայայտելու մեր հաւատքը զոր ստացած ենք մկրտութեան խորհուրդով եւ որ աճած է մեր մէջ քրիստոնէականի ուսուցումով։ Չենք կրնար ապահով ըլլալ թէ համարձակօրէն վկայութիւն պիտի կարենանք տալ մեր հաւատքին։

Այսօրուայ խորհուրդը մեզ կը հրաւիրէ մուտք գործելու Քրիստոսի հետ` եկեղեցի եւ հոն` անդրադարձ մը կատարելու մեր հաւատքին շուրջ, քննելով թէ որքա՜ն հաւատարիմ եղած ենք մեր մկրտութեան խոստումին։ Ովսաննա գոչող ամբոխը մէկ օրէն միւսը սկսաւ կանչել Խաչ հանէ զինք. Արդեօ՞ք մենք հաւատարիմ ենք մեր առած յանձնառութեան թէ ենթակայ ենք յաճախակի փոփոխութեան. Ամէն։

Հայր Յովսէփ Քէլէկեան








All the contents on this site are copyrighted ©.