2018-03-25 10:13:00

Երիտասարդներու նախասիւնոհոդոսական «թղթածրարը» կը յանձնուի Քահանայապետին։


(Ռատիօ Վատիկան)

Տարւոյս հոկտեմբեր ամսոյն, Վատիկանի մէջ պիտի գումարուի եպիսկոպոսաց սիւնհոդոսը, իբր նիւթ ունենալով «երիտասարդութիւնը, հաւատքը եւ կոչումի զատորոշումը»։ Սոյն սիւնհոդոսի նախապատրաստական աշխատանքներու կարգին, անցեալ շաբաթ Վատիկանի մէջ գումարուեցաւ երիտասարդներու  նախասիւնհոդոսական հաւաք մը որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին 300 երիտասարդներ եւ որուն աւարտին հրապարակուեցաւ թղթածրար մը, որուն նպատակն է սիւնհոդոսական հայրերուն ձեռքը յանձնել «կողմնորոշուելու միջոց մը», ուր երիտասարդները կը ներկայացնեն իրենց ներկայ իրավիճակը թէ «ո՞ւր են եւ դէպի ո՞ւր ուղղուած են»։

Կիրակի, 25 մարտին, Սուրբ Պետրոսի հրատարակին վրայ կայացած Ծաղկազարդի տօնակատարութեան աւարտին, Փանամացի երիտասարդ մը Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապին յանձնեց վերոնշեալ թղթածրարը։

 Յիշենք, թէ 2019 թուականի յունուարին՝ Երիտասարդութեան Միջազգային Հաւաքը տեղի պիտի ունենայ Փանամայի մէջ։

Յիշեալ թղթածրարին մէջ, բաղկացած 14 էջերէ եւ երեք մասերէ, երիտասարդները կը բաղձան «վաւերական, թափանցիկ, անկեղծ, հիւրընկալ, հաղորդակցող, մատչելի, ուրախ Եկեղեցի մը ինչպէս նաեւ ներգործական հասարակութիւն մը։»

Ներկայացուած են ներկայ աշխարհի մարտահրաւէրները եւ կարելիութիւնները երիտասարդներու համար, ինչպէս՝ հաւատք ու կոչում, կոչման որոշում եւ ընկերակցութիւն, Եկեղեցւոյ դաստիարակչական եւ հովուական գործունէութիւն։

Երիտասարդները իրենց կարծիքը կը յայտնեն զանազան հարցերու շուրջ, նշելով ներկայ աշխարհի կեցուածքին՝ ուր կրօնքը նկատուած է իբր անհատական հարց։ Ուշադրութեան կը յանձնուի նաեւ, թէ Եկեղեցին շատ անգամ նկատուած է իբր շատ լուրջ կամ բարոյապաշտ։ Անոնք կը գրեն՝ «Կարիքն ունինք Եկեղեցիի մը, որ հիւրընկալ է եւ ողորմած, որ կը գնահատէ իր արմատները եւ իր գանձերը, սիրելով բոլորը, նաեւ անոնք, որոնք չեն հետեւիր այն անձերուն, որոնք կը կարծեն ըլլալ չափանիշ։»

Ապա կը յիշուին զանազան հարցեր, ինչպէս՝ սեռայնութիւն, մոլութիւններ, խորտակուած ամուսնութիւններ, քայքայուած ընտանիքներ, ընկերային մեծ խնդիրներ, կազմակերպուած ոճրագործութիւն, մարդկային անհատներու վաճառք, բռնութիւն, կաշառակերութիւն, չարաշահում, կնասպանութիւն, կենսոլորտի վատթարացում։

«Շատ վախ ունինք, կը գրեն երիտասարդները, եւ մեզմէ ոմանք դադրած են երազանքներ ունենալէ ... Կը փնտռենք աշխատանքի եւ աւելի լաւ աշխարհ մը կերտելու կարելիութիւն», օգտուելով նաեւ Եկեղեցւոյ Ընկերային Վարդապետութենէն։

Թղթածրարը կը յիշէ նաեւ համապարփակ բնատնտեսութեան եւ համաշխարհային կայուն տնտեսութեան խնդիրները։

Այն երիտասարդներու համար, որոնք կʼապրին աշխարհի անկայուն եւ խոցելի շրջաններուն մէջ, յոյս եւ ակնկալութիւն կայ, որ պետութիւնները եւ ընկերութիւնը առնեն գործնական քայլեր՝ վերջ դնելու հակամարտութիւններուն եւ կաշառակերութեան, զբաղին կլիմայական փոփոխութեան, ընկերային անհաւասարութեան եւ ապահովութեան խնդիրներով»։

Յատուկ հատուած մը յատկացուած է ճարտարարուեստի։ Այնտեղ երիտասարդները կը նկատեն, թէ ճարտարարուեստը «ոմանց պարագային հարստացուցած է յարաբերութիւնները, բայց ուրիշ շատերու համար յուսալքումի վիճակ առած է, փոխարինելով մարդկային եւ Աստուծոյ յարաբերութիւնը։»

Աշխարհի չորս կողմ երիտասարդներ կը գործածեն հաղորդամիջոցները մտահոգիչ մտասեւեռումով։ Եթէ նոյնիսկ կʼապրինք չափազանց կապերով իրարու առընչուած աշխարհի մը մէջ, սակայն երիտասարդներու միջեւ հաղորդակցութիւնը կը մնայ լոկ իրենց նմաններու խումբէն ներս։ Կարենալ ճիշտ վերաբերմունք ցուցաբերելու համար, պէտք է երիտասարդները դաստիարակուին այս մարզէն ներս։

Կը յիշուի նաեւ պոռնկագրութեան խնդիրը, որ կը խաթարէ երիտասարդներու սեռայնութեան ընկալումը։ Ճարտարարուեստի աշխարհը կը ստեղծէ զուգահեռ իրականութիւն մը, որ կʼանտեսէ մարդկային արժանապատուութիւնը։ Ասոր համար Եկեղեցին աւելի ուշադիր պէտք է ըլլայ «պոռնկագրութեան համաճարակին, ներառեալ անչափահասներու հանդէպ գործուած չարաշահումը, ինչպէս նաեւ այլ անձերու սպառնալու խնդիրը՝ համացանցի վրայ։»

Վերջապէս երիտասարդները կը գրեն՝ «մեզմէ շատեր ամուր կերպով կʼուզեն ճանչնալ Յիսուսը։ Ասոր համար կը խնդրենք վաւերական վկաներ։ Այր մարդիկ եւ կիներ, որոնք ատակ են իրենց հաւատքը եւ Յիսուսի հետ ունեցած իրենց յարաբերութիւնը խանդավառ կերպով արտայայտելու, եւ միաժամանակ քաջալերելով ուրիշները, որ մօտենան Յիսուսի եւ սիրահարուին Անոր։ Հարկաւոր է դառնալ Աստուածաշունչին, խորացնելու համար Յիսուսի անձին եւ Անոր կեանքին ճանաչումը։»








All the contents on this site are copyrighted ©.