2018-03-24 13:44:00

Երիտասարդներու Նախասիւնհոդոսական փաստաթուղթի ներկայացում։


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ 24 մարտ 2018-ին , Վատիկանի մամլոյ գրասենեակի դահլիճին մէջ ներկայացուեցաւ ՝ յառաջիկայ եպիսկոպոսներու 15-րդ սիւնհոդոսին հայող նախապատրաստական  Երիտասարդներու Նախասիւնոհոդսական հաւաքի փաստաթուղթը, որուն ընթացքին ելոյթ ունեցան Եպիսկոպոսներու սիւնհոդոսի  ընդհանուր Քարտուղարը Կարդինալ Լորենցօ Պալտիսսէրի, Քոյր Նաթալի Պեքար՝ նախասիւնհոդոսական հաւաքը համակարգող յանձնախումբի պատասխանատուներէն մին ու հաւաքին մասնակցող  երեք երիտասարդներ։

Իր ելոյթին մէջ Կարդինալ Պալտիսսերի նշեց թէ անցեալ երկուշաբթի՝ 19 մարտին, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի ներկայութեամբ սկիզբ առած էր երիտասարդներուն հաւաքը, որուն առթիւ Սրբազան Պապը իր պատգամը ուղղած էր երիտասարդներուն, հրաւիրելով զանոնք խօսիլ ու արտայայտուիլ համարձակութեամբ եւ առանց ամչնալու, ու քաջալերելով ըլլալ սիւնհոդոսի գործընթացին դերակատարները, շեշտը դնելով անոնց ներդրումի կարեւորութեան վրայ։

Հաւաքին իրենց մասնակցութիւնը բերին 15.300 երիտասարդներ որոնցմէ 300-ը  ներկայ էին Հռոմի մէջ, իսկ 15.000 կապուած էին ցանցի միջոցաւ - յայտնեց Կարդինալ Պալտիսսերի, դիտել տալով թէ մէկ շաբթուայ աշխատանքային նիստերու աւարտին, միասնական ուղեւորութեամբ եւ ունկնդրութեամբ, շարադրուեցաւ Փաստաթուղթ մը որ, Եպիսկոպոսական Համահաւաք դասերու ուղարկած թելադրութիւններուն ու հարցարաններուն հետ միասին  պիտի ծառայէ Սիւնհոդոսի «աշխատանքային թղթածրարի» պատրաստութեան։

Փաստաթուղթը կազմուած է երեք մասերէ ու մէկ նշանաբանէ։ Առաջինը կը հայի երիտասարդներուն այսօրուայ աշխարհի մէջ ապրած  մարտահրաւէրներուն ու անոնց ընծայուած  հնարաւորութիւններուն։  Երկրորդը կը հայի հաւատքին, կոչումին ու զատորոշումին ինչպէս նաեւ երիտասարդներու առաջնորդութեան, մինչ երրորդը Եկեղեցւոյ Հովուական խնամակալութեան՝ կազմաւորումի գործընթացի ուղղութեամբ։

Կարդինալ Պալտտիսսերի ապա մատնանշեց թէ փաստաթուղթին մէջ երիտասարդները իրենք զիրենք կը կոչեն «երիտասարդ Եկեղեցի մը» որ ոչ մէկուն հակառակ է այլ մաս կը կազմէ Եկեղեցւոյ ու կը նմանի թթխմորին։

Երիտասարդները եկեղեցականներէն կը պահանջեն յստակ ու հաւատալի կեցուածք, ու կ՛ակնկալեն Եկեղեցի մը որ գիտէ հեզութեամբ ընդունիլ անցեալի եւ ներկայի սխալները ու գիտէ քաջութեամբ յանձնառու ըլլալ՝ ապրելու այն ինչ որ կը քարոզէ ու կը հռչակէ։ Միեւնոյն ատեն անոնք կ՛ուզեն տեսնել մարդկային դիմագիծով դաստիարակներ, պատրաստ ի յարկին ընդունելու իրենց դիւրաբեկութիւնը - ըսաւ կարդինալ Պալտիսսերի ապա մատնանշեց Փաստաթուղթի այլ կարեւոր նիւթերուն՝ կոչումը, զատորոշումը ու առաջնորդութիւնը, դիտել տալով թէ երիտասարդները կը տառապին իսկական առաջնորդներու պակասէն. Առաջնորդներ որոնք զանոնք ուղղեն գտնելու կեանքի իսկական ճանապարհը եւ ասոր համար անոնք կոչ կ՛ուղղեն քրիստոնեայ հասարակութեան, կազմելու հեղինակաւոր առաջնորդներ։  Անոնք ապա կը խնդրեն ունենալ եկեղեցի մը որ յանձնառու ըլլայ երկխօսութիւն հաստատելու յեղաշրջումի մէջ գտնուող աշխարհին հետ, յատկապէս նոր արուեստագիտութեան աշխարհին հետ, ճանչնալով անոր կարողականութիւնը եւ ուղեցոյց մը ներկայացնելով անոր ուղիղ  գործածութեան համար։

«Քաշողական եկեղեցի մը, յարաբերութեան եկեղեցի է» գրուած է փաստաթուղթին մէջ- ըսաւ ապա Կարդինալ Պալտիսսերի մատնանշելով թէ Սրբազան Քահանայապետը երիտասարդներէն կը պահանջէ որ անոնք ըլլան մարգարեներ ու դիտել տալով թէ այս շաբթուայ ընթացքին երիտասարդներուն մօտեցումը եղաւ խիստ լուրջ ու վեհանձն։ Անոնք վստահութիւն արտայայտեցին եկեղեցւոյ՝ որմէ սակայն կը սպասեն ակնկալիքներ - յարեց Կարդինալ Պալտիսսերի եւ զեկոյցը աւարտեց հաղորդելով թէ երիտասարդներու  նախասիւնոհոդոսական փաստաթուղթը՝ կիրակի 25 մարտին, Ծաղկազարդի տօնի եւ երիտասարդներու  միջազգային օրուան առթիւ, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ մատուցուած սուրբ պատարագի ընթացքին, պիտի յանձնուի Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին, ու թէ անոր յանձնումը պիտի կատարէ Փանամացի երիտասարդ՝ մը որուն ծննդավայրին մէջ պիտի նշուի 2019-ի երիտասարդներու Համաշխարհային Օրը։








All the contents on this site are copyrighted ©.