2018-03-24 09:16:00

Ստեփանակերտի օդակայանին մէջ պիտի կազմակերպուի օդապարիկներու երկրորդ փառատօնը


ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- Արցախի տնտեսութեան եւ արտադրական ենթակառուցուածքներու նախարարութեան եւ «Եէլլ Էքսթրիմ Փարք» ընկերութեան նախաձեռնութեամբ Ստեփանակերտի օդակայանին մէջ ամրան պիտի կազմակերպուի օդապարիկներու երկրորդ փառատօնը:

Այս մասին, ըստ  «Արցախփրես»ի, կը տեղեկացնէ տնտեսութեան եւ արտադրական ենթակառուցուածքներու նախարարութեան մամլոյ պատասխանատու Մերի Ղազարեան:

Ըստ անոր՝ 23 Մարտին տնտեսութեան եւ արտադրական ենթակառուցուածքներու նախարար Լեւոն Գրիգորեան Ստեփանակերտի օդակայանին մէջ «Եէլլ Էքսթրիմ Փարք» նախագիծի հեղինակ, համահիմնադիր Տիգրան Չիբուխչեանի հետ փառատօնի կազմակերպման վերաբերեալ աշխատանքային քննարկում ունեցած է: Յատկապէս քննարկուած են փառատօնի ծրագիրը եւ ձեռնարկներու ցանկը եւ կատարելիք այլ աշխատանքներ: Սակայն փառատօնի կայացման օրուան մասին, այս պահուն, տակաւին վերջնական որոշում չկայ. այդ մասին հասարակութեան պիտի տեղեկացուի աւելի ուշ:








All the contents on this site are copyrighted ©.