2018-03-23 10:00:00

Քառասնորդացի խորհրդածութիւնները Վատիկանի Ռետեմթորէս Մաթեր մատրան մէջ։


 (Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ 23 Մարտ 2018ին առաւօտեան ժամը 9-ին Առաքելական Պալատի Ռետեմթորէս Մաթեր մատրան մէջ տեղի ունեցաւ Քառասնորդացի խորհրդածութեան հինգերորդ նիստը որուն՝ սովորութեան համաձայն իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ու Վատիկանի Վերին իշխանութեան անդամները։

Քառասնորդացի խորհրդածութիւնները կը ներկայացնէ Քահանայապետական Տան Քարոզիչը՝ Հայր Ռանիերօ Քանթալամեսսան որ այս տարուայ մտածականներու գլխաւոր նիւթը ընտրած է ներշնչուելով Պօղոս Առաքեալի հռոմէացիներուն ուղղած նամակէն ուր առաքեալը կը յորդորէ «Լեցուիլ Յիսուս Քրիստոսի Հոգիով»- «Լեցուեցէք մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Հոգիով» (Հռոմ 13,14), քրիստոնէական սրբութիւնը պօղոսեան ուսուցումներուն մէջ»։

Ուրբաթ 23 մարտին Հայր Ռանիերօ Քանթալամեսսան խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց Պօղոս առաքեալի Հռովմէացիներուն ուղղած սոյն խօսքերուն վրայ. «Գիշերը շատ յառաջացած է, ու ցերեկը՝ մօտեցած. ուրեմն թօթափե՛նք խաւարին գործերը, ու հագնի՛նք լոյսին զրահը: Վայելչութեա՛մբ ընթանանք, ինչպէս ցերեկ ատեն, ո՛չ թէ զեխութեամբ ու արբեցութեամբ, ո՛չ թէ խառնակ անկողինով եւ ցոփութեամբ, ո՛չ թէ կռիւով ու նախանձով. հապա հագէ՛ք Տէր Յիսուս Քրիստոսը, եւ մի՛ մտադրէք մարմինին ցանկութիւնները գոհացնել»:

Նշենք թէ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Քառասնորդացի խորհրդածութիւններու նիստին մասնակցելէ ետք իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Սան Մարինօ հանրապետութեան Տեղապահ Գնդապետներ՝ Վսեմաշուք Մաթթէօ Ֆիորինին եւ Վսեմաշուք Էնրիքօ Քարաթթոնին, անոնց ընկերացող պատուիրակութեան հետ միասին, որոնք ապա հանդիպում ունեցան նաեւ Վատիկանի Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փարոլինի հետ։ Սրբազան Քահանայապետը ապա ունկնդրութիւն շնորհեց Հարաւային Սուտանի Եկեղեցիներու Խորհուրդի պատուիրակութեան անդամներուն:








All the contents on this site are copyrighted ©.