2018-03-23 08:25:00

Վանական աւանդութիւնը հայոց պատմութեան հոլովոյթին։


Բարսեղ Շնորհալի կը բացատրէ, թէ ի՛նչպէս պէտք է աղօթել։ Ան Աստուածաշունչէն կʼառնէ Աբրահամի օրինակը, լուսաբնելու համար աղօթքի կեցուածքը։

«Ասոր համար կʼըսեմ ձեզի, այն ամէն բան որուն համար աղօթքով կը խնդրէք, եւ կը հաւատաք թէ պիտի ստանաք, պիտի կատարուի։

Եւ ինչպէ՞ս կʼըսէ, թէ պիտի կարենամ հաւատալ թէ պիտի հասնիմ խնդրանքներուս։ Եթէ մտածես, թէ որու՞ն հետ կը խօսիս, եւ որու՞ն կը մատուցանես աղօթքի զոհը՝ քու հետդ տանելով զոհի հուրը, սուրը եւ փայտը։

Եւ այս կատարելով՝ կը բանաս երկինքը քեզի համար, եւ Աստուած քու հետդ կը խօսի, ինչպէս խօսեցաւ Աբրահամի հետ, եւ երդմամբ կը կատարէ այն ինչ որ կը խնդրես։

Արդ՝ Աբրահամի նման, երբ զոհ կը մատուցանես՝ առ քու հետդ հուրը, սուրը եւ փայտը, եւ էշը եւ ծառան թո՛ղ վարը, ըսելով անոնց՝ նստէք դուք այդտեղ, մինչեւ ես եւ պատանիս երթանք երկրպագանենք եւ ապա դառնանք։

Այսպէս ալ դուն աղօթքի ժամանակ անասնական եւ ծառայական խորհուրդները մեծ իշխանութեամբ հեռացուր, եւ սաստէ զանոնք՝ որ վարը մնան։ Եւ դուն ել, բարձրացիր լեռան վրայ՝ ուր ան բարձրացաւ։ Լեռը սատանային կամքն է, սրտի թիւր յօժարութիւնը, ախտի ցանկութիւնը։ Կոխոտէ զանոնք՝ եւ բարձրացիր առաքինութեան եւ սրտի սրբութեան լերան վրայ, որպէսզի երկրէն երկինք բարձրանալով՝ Աստուած տեսնես։

Եւ Աբրահամ խորան կը պատրաստէր Իսահակի հետ, իր հետ մարդկային ոչ մէկ բան ունենալով, այլ ամբողջապէս դուրս մարդկային բնութենէն. որովհետեւ այնքան զգայութենէ ազատ էր՝ որ մինչեւ իսկ իր որդին կʼուզէր սպանել Աստուծոյ սիրոյն համար։

Եւ այս գեղեցիկ անզգայութիւն էր։ Որովհետեւ դուն մինչ որ զգայական մարմնոյդ ոտքերով դէպի եկեղեցի կʼերթաս, գերբնական ոտքերովդ՝ երկինք կʼերթաս, եւ կը խոկաս վերնային բաներ՝ ուր Քրիստոս կը բազմի շնորհքներու աթոռին վրայ։

Այսպիսի անզգայութեամբ եւ Մեծն Դաւիթ երբեմն ըմբոշխնուած էր։ Որուն համար նաեւ կը պարծէր՝ ըսելով, թէ ես իմ անզգայութեանս մէջ ըսի, թէ ամէն մարդ սուտ է։ Եւ ի՛նչ է անզգայութիւնը։ Այսինքն՝ ոչ զգալ եւ ոչ ճանչնալ մարդկային եւ երկրաւոր բաները, այլ միայն հոգեւորները եւ աստուածայինները։

Ըստ որում նաեւ Պօղոս ինք իր մասին կʼըսէր՝ թէ չեմ տեսներ երեւելի բաները՝ այլ աներեւոյթները։ Դուն նոյնը գործէ աղօթքի ժամուն, այսինքն չտեսնել, չխոկալ եւ չմտածել երեւելիները, որպէս զի կարենաս հասու ըլլալ աներեւոյթներուն, եւ արժանանաս ստանալ այն ինչ որ կը խնդրես։

Տեսնենք թէ ի՞նչ է այս պատարագին փայտը, հուրը, սուրը, զոհը, եւ արիւնը։

Փայտը՝ տեսակ տեսակ մեղքերն են, որոնք կը կատարենք խորհրդով, խօսքով եւ գործով։

Ուրեմն խորհուրդով զղջանք, խօսքով խոստովանինք, եւ գործով փոխարէն հատուցանենք՝ ապաշխարելով։

Կրակը՝ խոստովանութիւն է ապաշխարութեամբ, որով կʼայրին բոլոր չարիքները. ըստ այն խօսքին՝ թէ նախ քու անօրէնութիւններդ ըսէ, որպէսզի արդարանաս։

Սուրը՝ խոնարհութիւն է զղջմամբ։ Որովհետեւ սրտի զղջումը կրակի նման կը հատանէ հոգւոյ եւ մարմնոյ մեղքերը՝ որոնք մահուան կը տանին, եւ կը բանայ առաքինութիւններու ճանապարհը՝ որ կեանքի պատճառ են։

Զոհը՝ հոգւոյ մասերն են. այսիքն՝ խօսքէն կտրել անմտութիւնը, սրտէն՝ երկչոտութիւնը, որպէսզի բողբոջի խոհեմութիւնը, արիութիւնը եւ ողջախոհութիւնը։

Արիւնը՝ ջերմաջերմ արցունքներն են, եւ այսպիսի զոհը ոչ թէ իբր մոխիր կը վերջանայ, եւ ոչ ալ օդին մէջ ցրուելով կը կորչի։ Որովհետեւ այն որ ջերմ սրտով կʼաղօթէ՝ կʼայրի բայց չի կիզուիր, այլ ինչպէս ոսկի, բովին մէջ մտնելով եւ զտուելով աւելի լուսաւոր կʼըլլայ, ըստ մարգարէի խօսքին, որ կʼըսէ՝ թէ մօտ է Տէրը այն բոլորին, որոնք ճշմարտութեամբ կʼաղօթեն Անոր։

Ասոր համար Քրիստոս ըսաւ, երբ կʼաղօթէք, խնդրեցէք նախ Աստուծոյ արքայութիւնը եւ Անոր արդարութիւնը, եւ այդ բոլորը աւելիով պիտի տրուի ձեզի։

Եթէ այսպէս մօտենաս, ըստ Աստուծոյ կամքի փափաքին, ստուգապէս պիտի առնես՝ այն ինչ որ կը խնդրես։ Եւ եթէ դուք, կʼըսէ, որ չար էք, գիտէք բարի պարգեւներ տալ ձեր որդիներուն, իսկ ոչ բարի բաները չէք տար, թէպէտ եւ լալով խնդրեն, որչա՞փ առաւել ձեր հայրը, որ երկինքն է բարի խնդրանքները պիտի տայ, իսկ չարերը՝ ոչ։»








All the contents on this site are copyrighted ©.