2018-03-23 08:03:00

Պաղեստինի Վարչապետի մահափորձի գլխաւոր ամբաստանեալը սպաննուեցաւ


Կազայի մէջ ներքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Պաղեստինի վարչապետ Ռամի Համտալլայի մահափորձի գլխաւոր ամբաստանեալը երէկ առաւօտեան Կազայի կեդրոնը գտնուող Նուսէյրաթ գաղթակայանին արեւմուտքը զինք ձերբակալելու ապահովական գործողութեան ընթացքին սպաննուած է:

Նախարարութիւնը աւելցուց, որ վիրաւորուած են անոր երկու օգնականները, որոնցմէ մէկը հետագային իր ստացած ծանր վէրքերուն պատճառով մահացած է:

Նախքան այդ, Համաս շարժումի քաղաքական գրասենեակի անդամ Սալահ Պարտաուիլ յայտնած էր, որ Կազայի ապահովական մարմինները ձերբակալած են Պաղեստինեան իշխանութեան վարչապետի շքախումբին դէմ ական մը պայթեցուցած մեղադրեալն ու անոր երկու գործակիցները:








All the contents on this site are copyrighted ©.