2018-03-23 09:18:00

Երիտասարդներու նախասիւնոհոդոսական հաւաք: Զրոյց Գառնիկ Փանոսեանի հետ։


(Ռատիօ Վատիկան) 19-24 մարտ 2018-ին Հռոմի «Մարիամ՝ Մայր Եկեղեցւոյ» Քահանայապետական միջազգային վարժարանէն ներս տեղի կ՛ունենայ  յառաջիկայ հոկտեմբեր ամսոյն մէջ գումարուելիք  երիտասարդներուն նուիրուած  եպիսկոպոսական 15 սիւնհոդոսին նախասիւնհոդոսական  հաւաքը, որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն  աշխարհի տարբեր երկիներէ, տարբեր ազգութիւններու ու կրօններու պատկան 300է աւելի երիտասարդներ։  Անցեալ 19 Մարտին Հաւաքին բացումը կատարեց նոյնինքն Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը։

Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ անունով հաւաքին իր մասնցկութիւնը կը բերէ նաեւ լիբանանահայ  երիտասարդ՝ Գառնիկ Փանոսեանը  որ Ռատիովատիկանի հայկական բաժնի հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին ներկայացուց հաւաքի մասին մանրամասնութիւններ ու տպաւորութիւններ։

 

Ուրբաթ՝ 23 Մարտի  երեկոյեան բոլոր ժողովականները կը մասնակցին ճանապարհ խաչի ջերմեռանդական արարողութեան, մինչ շաբաթ 24 մարտին անոնք առիթը կ՛ունենան այցելելու Քասթել Կանտոլֆոյի քահանայապետական ամարանոցը, եւ կիրակի 25 մարտին, Ծաղկազարդի տօնին օրը, որուն առթիւ կը նշուի նաեւ երիտասարդներու համաշխարհային օրը, նախասիւնհոդոսական հաւաքի մասնակից երիտասարդները իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն  Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին նախագահած հանդիսաւոր սուրբ Պատարագի արարողութեան որուն աւարտին Անոր պիտի յանձնեն հաւաքի աւարտական փաստաթուղթը։








All the contents on this site are copyrighted ©.