2018-03-23 13:30:00

«Քառասնորդացը հարմար առիթ է հաշտուելու Աստուծոյ հետ». Ֆրանչիսկոս Պապին թուիթը։


(Ռատիօ Վատիկան) «Ասիկա հարմար ժամանակն է հաշտուելու Աստուծոյ հետ. Չարի ճանապարհէն ընթանալը  միայն տխրութեան աղբիւր է»։ Այս եղաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին հրաւէրը՝ հրապարակուած այսօրուայ թուիթին մէջ եւ  ուղղուած Քրիստոնեայ հաւատացեալներուն, քառասնորդացի այս վերջին օրերուն առթիւ։ Հրաւէր ապաշխարութեան որով հաւատացեալը խոստովանելով իր մեղքերը ու զղջումի ներգործութեամբ կը հաշտուի Աստուծոյ հետ։ Աստուած որ անառակ որդւոյն հօր նման միշտ կը սպասէ մեր վերադարձին ու երբ հեռուէն մեզ կը տեսնէ կը փութա մեր մօտ ու մեզ սրտբաց կ՛ընդունի իր բազուկներուն մէջ։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.