2018-03-23 08:01:00

Արցախի Նախագահ Բակօ Սահակեան մեկնարկը տուաւ «Արցախ 2028» խորհրդաժողովին


Արցախ ռուց ինվեսթմընցի (ԱՌԻ) կազմակերպութեամբ,  21 մարտի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Ազգային միացեալ վարժարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում-ընդունելութիւն` ի պատիւ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանին եւ ներկայութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին: Այս հանդիպումին ընթացքին նախագահ Սահակեան մեկնարկը տուաւ «Արցախ 2028» խորհրդաժողովին, որուն առնչուող հեռանկար ու պատկերացում կազմելու նպատակով այս տարուան աշնան Ստեփանակերտի մէջ պիտի գումարուի խորհրդաժողով մը` բարեսիրական ու հասարակական տարբեր կազմակերպութիւններու, գործարար շրջանակներու մասնակցութեամբ, որպէսզի մշակուին յառաջիկայ տասը տարուան ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող կարեւոր ծրագիրներ, որոնք պիտի նպաստեն Արցախի բարգաւաճման ու հզօրացման:

Բացման խօսքը կատարեց Լորիկ Սապունճեան-Ծատուրեան, որ Արցախը նկատեց հայութեան գարունը, որովհետեւ արցախեան պահանջատիրութիւնը նոր կեանք ու նոր յոյս ներշնչեց համայն հայութեան, որ երեսուն տարիէ ի վեր կը շարունակէ ապրիլ ու գոյատեւել Արցախով: Անդրադառնալով յանուն խաղաղութեան մղուած Արցախի պատերազմին` ան նշեց, որ բազում կեանքեր զոհուեցան նոր ծնունդներ երաշխաւորելու համար, աւաններ աւերուեցան աւելի բարգաւաճ ու շէնացած հանրապետութիւն ունենալու համար:   Լորիկ Սապունճեան-Ծատուրեան դիտել տուաւ, որ ճակատամարտը մղուեցաւ Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի ուժերով, եւ կերտուեցաւ հանրապետութիւն մը, որ անյաղթ է, հզօր ու բարգաւաճ` իր ժողովուրդով, բանակով, զարգացման ծրագիրներով, խոստմնալից տնտեսութեամբ եւ ներդրումային ռազմավարութեամբ: Այս ծիրին մէջ ան լուսարձակի տակ առաւ 9 տարուան գործունէութիւն ծաւալած ԱՌԻ-ն, որ սկսաւ ներդրումային սահմանափակ ծրագիրով, իսկ այսօր վերածուած է առաքելութեան, որ կը ձգտի ո՛չ միայն Արցախի բարգաւաճման ու արցախցիին բարօրութեան, այլեւ գործնական նախաձեռնութիւններով կը նպատակադրէ Արցախի սահմանամերձ շրջաններու վերաբնակեցումը:

Ապա բարի գալուստի խօսք արտասանեց նաեւ Արին Ղազարեան, որ լուսարձակի տակ առաւ այն երեւոյթը, որ 2010-էն ի վեր Արցախի մէջ ապրող բնակչութեան վարկեր տրամադրող ԱՌԻ-ն, որ սկսած էր միայն տասնեակ բաժնետէրերով` Լիբանանէն, այսօր ընդարձակած է իր աշխարհագրական պատկերը եւ բաժնետէրեր ունի Սուրիայէն, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններէն, Քուէյթէն, Արցախէն, Զուիցերիայէն, Ֆրանսայէն, Անգլիայէն, Ռուսիայէն, Միացեալ Նահանգներէն, Աւստրալիայէն: Ան շեշտեց, որ ԱՌԻ-ի նպատակն է վերաբնակեցնել Քաշաթաղն ու Շահումեանը` այն ռազմավարական շրջանները, որոնք Արցախը կը կապեն հայրենիքին: Արին Ղազարեան ըսաւ, թէ ԱՌԻ-ի ներդրումները միայն տնտեսութիւն չեն զարգացներ, այլ ազատ, անկախ ու միացեալ Հայաստանի համազգային մեծ երազին հասնելու ուղին կը հարթեն: Այս առիթով ան նաեւ ողջունեց ԱՌԻ-ին միացած նոր անդամները` աւելի քան 20 բաժնետէրեր Սիտնիէն:

Ապա խօսք առաւ ԱՌԻ-ի գործադիր տնօրէն Ստեփան Տէր Պետրոսեան, որ նախ անդրադարձաւ երեսուն տարի առաջ Արցախի ժողովուրդին ընտրած ազատութեան ու անկախութեան ուղիին` իբրեւ միակ ելք դարերու իղձերու իրականացման եւ իրաւունքի ձեռքբերման, դիտել տալով, որ այդ ճամբան եղաւ բաւական դժուար, արեամբ դրոշմուած, սակայն պատուաբեր, հպարտալի ու պանծալի արդիւնք ունեցող: Ան հաստատեց, որ իր ժողովուրդով ու մարտունակ բանակով այսօր Արցախը կայացած պետութիւն է, որ կը ձգտի իր արժանի տեղը ունենալ ազատ ու անկախ ազգերու մեծ ընտանիքին մէջ, ինչ որ անոր արդար ու անժամանցելի իրաւունքն է, նաեւ նախատեսուած միակ լուծումը արցախեան տագնապին` աւելցնելով, որ հայութիւնը ամբողջական իրաւունքը ունի ապրելու խաղաղ ու անկախ պետութեան երաշխիքին տակ, որովհետեւ այդ իրաւունքը դրոշմուած է հայոց պատմութեան էջերուն մէջ:

Այս բոլորին զուգահեռ, Ստեփան Տէր Պետրոսեան յայտնեց, որ պէտք է խոհեմութեամբ գործել, ծրագրաւորուած աշխատիլ ու ապագայի յստակ հեռանկար ունենալ: Այս առումով ան լուսարձակի տակ առաւ 9 տարեկան ԱՌԻ-ն, որ իր ճամբան սկսաւ 16 ներդրողներով, իսկ այսօր այդ թիւը հասած է 198-ի, իսկ քանի մը օր առաջ Մելպուռնէն ու Սիտնիէն 20 նոր ներդրողներ յանձնառու եղած են Արցախի մէջ 40 նոր բնակարաններու կառուցման: Ըստ Ս. Տէր Պետրոսեանի, անցնող 9 տարիներուն, 2017-ի տեղեկագիրի տուեալներով, ԱՌԻ-ի ընդհանուր ներդրումներուն ծաւալը հասած է 6 միլիոն 700 հազար տոլարի, որուն փոխարէն բաժնետէրերուն փոխանցուած է 1 միլիոն 152 հազար տոլար տոկոս: «Մենք երազներով ճամբայ ելանք, սակայն հոն կանգ չառինք, գտանք լաւագոյն ձեւը արդիւնաբեր ու ապահով ներդրումներ իրականացնելու. առաջին օրէն մենք ստեղծեցինք վստահութեան մթնոլորտ Արցախի կառավարութեան հետ, ոչ թէ անձերու հետ, այլ հաստատութիւններու, որոնց ետին կանգնող անձերը մեծ դեր ունեցան ու ապագային ալ պիտի ունենան, անոնք բարի կամեցողութիւն ունեցող մարդիկ են ու հիմքը զետեղեցին այս գործակցութեան: Շնորհիւ այդ փոխադարձ վստահութեան, միասին իրականացուցինք ծրագիրներ», ըսաւ ան` շեշտելով, որ ասիկա օրինակելի փորձառութիւն է, նոր ձեւաչափ` հայրենիք-սփիւռք  գործակցութեան:

ԱՌԻ-ի գործադիր տնօրէնը շեշտեց, որ ԱՌԻ-ին կատարածը նուիրատուութիւն չէ, այլ ներդրումային լայնածաւալ կարելիութիւններ ունեցող ծրագիր` հիմնուած փոխշահաւէտ սկզբունքներու վրայ: Իր խօսքի եզրափակիչ մասով Ստեփան Տէր Պետրոսեան յայտնեց, որ իրենք մտադիր են աւելի լայնածաւալ աշխատանքներու ձեռնարկել` հրաւիրելով մեր ժողովուրդի բոլոր մասնիկները, քաղաքական, կրօնական թէ հասարակական կազմակերպութիւնները` մասնակից դառնալու այս կամ նման ծրագիրներու իրագործման, որոնք Արցախը հաստատ քայլերով պիտի առաջնորդեն դէպի տնտեսական եւ ժողովրդագրական նկատառելի ու յարատեւող աճ:

Անկէ ետք խօսք առաւ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան, որ բարձր գնահատեց լիբանանահայութիւնը, որ «կը հանդիսանայ սփիւռքի հոգեւոր, քաղաքական, մշակութային առանցքային կեդրոններէն մէկը, որ միշտ կանգնած է հայրենիքի կողքին, ներգրաւուած է տարբեր ծրագիրներու իրականացման մէջ, ըստ ամենայնի կը նպաստէ հայոց պետականութեան զարգացման ու հզօրացման, մեր եռամիասնութեան ամրապնդման»: Նախագահ Սահակեան նաեւ անդրադարձաւ Արցախի տարբեր բնագաւառներուն մէջ եւ զանազան ծրագիրներով լիբանանահայութեան ներդրումին: «Յատկապէս շօշափելի է ձեր ներդրումը ժողովրդագրական իրավիճակի բարելաւման մէջ, գիւղատնտեսութեան, կրթութեան, մշակոյթի եւ այլ ոլորտներու մէջ: Արցախի մէջ ատիկա գիտեն եւ բարձր կը գնահատեն», ընդգծեց ան: Բակօ Սահակեանի համաձայն, այսօր Արցախի դիմաց ծառացած խնդիրներու լուծման համար անհրաժեշտ է նոր որակ հաղորդել հայրենիք-սփիւռք տնտեսական համագործակցութեան, ուր յատուկ տեղ կը գրաւէ լիբանանահայ ներուժը: «Իբրեւ կարեւոր իրադարձութիւն կ՛ուզեմ նշել ԱՌԻ հիմնադրամին հետ այս տարուան աշնան Ստեփանակերտի մէջ նախատեսուող լիբանանահայ գործարար շրջանակներու մասնակցութեան ներկայացուցչական մեծ համաժողովի կազմակերպումը, ուր յատուկ ուշադրութիւն պէտք է դարձնել ներդրումային ծրագիրներուն եւ վերաբնակեցման հարցերուն», շեշտեց նախագահը` աւելցնելով, որ պետութիւնը մեծ ակնկալութիւն ունի այս համաժողովէն, մանաւանդ որ Արցախի զարգացման մէջ լիբանանահայ գործարարներուն ներգրաւուածութիւնը պահանջ է: Իր խօսքի աւարտին նախագահ Սահակեան համոզում յայտնեց, որ միասնաբար կարելի կ՛ըլլայ որեւէ դժուարութիւն յաղթահարել եւ արդիւնաւէտ կերպով լուծել ամէնէն բարդ խնդիրները:

Իր խօսքէն ետք Արցախի նախագահը բարեսիրական շարք մը ծրագիրներու իրականացումով Արցախին մատուցած ծառայութիւններուն համար «Վաչագան Բարեպաշտ» մետալով պարգեւատրեց  Արցախ ռուց ինվեսթմընց կազմակերպութիւնը, որուն նախագահը` Սուրէն Սարգիսեան, ստանձնեց մետալն ու համապատասխան հրամանագիրը:

Ապա նախագահ Բակօ Սահակեանի, Արամ Ա. կաթողիկոսին եւ Սուրէն Սարգիսեանի ձեռամբ քողազերծուեցաւ Արցախի պետութեան ծրագիրներէն «Արցախ 2028»-ի նշանակը:

Աւարտին իր պատգամը ուղղեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս, որ անդրադարձաւ այն երեւոյթին, թէ մարդկային կեանքին մէջ կան ճառագայթող արժէքներ, որոնք ազգին նկարագիրը կը կազմեն եւ ճամբայ կը բանան դէպի ապագայ: Վեհափառ հայրապետը հաստատեց, որ հայ ազգն ալ պատմութեան ընթացքին այդ արժէքներով ապրած է` դիմակայելով պատմութեան փոթորիկները, յաղթահարելով արիւնոտ ծփանքները եւ մնալով ինքնուրոյն, գոյն ու բոյր ունեցող ազգ: «Այսօր եւս մենք կը գտնուինք մեր ազգին սրբազան արժէքներէն Արցախի դիմաց. արժէք է. հողը ինքնիր մէջ արժէք չէ, եթէ մարդը, ազգը այդ հողին արժէք չտայ: Մեր ժողովուրդը իր ներկայութեամբ արժէք տուաւ Արցախին պատմութեան ընթացքին` զայն վերածելով մեր պատմութեան անբաժան ու անբաժանելի մէկ հողամասը», հաստատեց կաթողիկոսը` շեշտելով, որ Արցախը` իբրեւ հայութեան արդար իրաւունք, առնուեցաւ քրտինքով, նոյնիսկ արեամբ, եւ ոչ թէ տրուեցաւ, շնորհուեցաւ, ուստի զայն պահել, ծաղկեցնել եւ հզօրացնել պէտք է գիտնանք: Արամ Ա. կաթողիկոս ըսաւ, թէ կը բաժնէ Արցախի բարգաւաճման վերաբերող որեւէ ծրագիրի յաջողութեան պատճառած ուրախութիւնը, որովհետեւ մեր բոլորին ուրախութիւնն ու պարտաւորութիւնն է Արցախը: Ան նշեց, որ երկար տարիներ բարեսիրական ծրագիրներ կատարուեցան, սակայն ժամանակն է, որ անոնցմէ անդին երթանք եւ ներդրումային մասնակցութիւն բերենք` պարտաւորութեամբ եւ իրաւունքով:

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսը բարձր գնահատեց Արցախը ղեկավարող նախագահ Բակօ Սահակեանը, որ քիչ կը խօսի, սակայն շատ կը գործէ, անոր գործը իր խօսքն է` աւելցնելով, որ պէտք է նեցուկ կանգնիլ նախագահի ծրագիրներուն, որոնց նպատակը Արցախը հզօրացնելն է: «Հետեւաբար, ես այսօր եկած եմ, սիրելի՛ պարոն նախագահ, սիրելի՛ ներկաներ, ո՛չ միայն իմ օրհնութիւնս տալու ձեզի, այլեւ այս առիթով կ՛ուզեմ յայտարարել, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը 100 հազար տոլարով կը մասնակցի այս ծրագիրին», իր խօսքը եզրափակեց Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը:

Ձեռնարկին ընթացքին ցուցադրուեցան արդիական ձեւով պատրաստուած տեսերիզներ, որոնց ընդմէջէն լուսարձակի տակ առնուեցաւ Արցախի մէջ ԱՌԻ-ի իրականացուցած ծրագիրներն ու անոնց մանրամասնութիւնները:

www.aztagdaily.com








All the contents on this site are copyrighted ©.