2018-03-24 08:44:00

Ֆրանչիսկոս Պապին "Սուրբ Շաբթուայ" ընթացքին գլխաւորած արարողութիւնները։


 (Ռատիօ Վատիկան) Յիսուսի հրաշափառ  Յարութեան տօնը կանխող շաբաթը կը կոչուի Աւագ կամ Սուրբ Շաբաթ որ սկիզբ կ՛առնէ՝ Յիսուսին Երուսաղէմ հրաշափառ մուտքով՝  Ծաղկազարդի Տօնով։

Կիրակի` 25 Մարտ 2018-ին,  Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, առաւօտեան ժամը 10.00-ին, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ, պիտի գլխաւորէ Ծաղկազարդի տօնակատարութիւնը, որ սկիզբ կ՛առնէ արմաւենիներու ու ձիթենիի ճիւղերու օրհնութեամբ, հուսկ յաւարտ ծիսական թափօրին Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ կը  մատուցանէ Յիսուսի չարչարանաց Սուրբ Պատարագի զոհը։  Նոյն օրը կը յիշատակուի նաեւ` Երիտասարդներու համաշխարհային 33-րդ օրը, որուն այս տարուայ բնաբանն է՝ ''Մի վախնար Մարիամ՝  որովհետեւ Տիրոջ առջեւ շնորհք գտար» (Ղուկաս 1, 30)։
Հինգշաբթի 29 մարտ 2018-ին, Աւագ Հինգշաբթի օրուայ առթիւ առաւօտեան ժամը 9.30ին Սուրբ Պետրոսի տաճարին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապը կը գլխաւորէ Իւղերու օրհնութեան Սուրբ Պատարագը որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն Հռոմ գտնուող Կարդինալական դասը, Պատրիարքներ, Արքեպիսկոպոսներ, Եպիսկոպոսներ ու կղերականներ։

Ուրբաթ 30 մարտ 2018-ին՝ Աւագ Ուրբաթ է. Օրը նուիրուած է Աստուածային Վարդապետի չարչարանքներու յիշատակութեան։ Յետ միջօրէի ժամը 5.00ին, Սրբազան Քահանայապետը, Սուրբ Պետրոս Տաճարին մէջ կը գլխաւորէ Տիրոջ Չարչարանաց արարողութիւնը, խաչի պաշտամունքն ու հաղորդութեան ծիսակատարութիւնը։ Իսկ երեկոյեան ժամը 9.15ին, Հռոմի երկհազարամեայ ''Քոլլոսէում''ի աշխարհածանօթ ամփիթատրոնին տարածքին, Սրբազան Հայրը կը գլխաւորէ Ճանապարհ Խաչիի բարեպաշտական աղօթքի արարողութիւնը որուն աւարտին իր առաքելական օրհնութիւնը կը շնորհէ  արարողութեան  ներկայ գտնուող բոլոր հաւատացեալներուն։  

Շաբաթ 31 մարտ 2018-ին, Աւագ Շաբաթ է.  Երեկոյեան ժամը 8,30ին, Սուրբ Պետրոս տաճարին մէջ նախատեսուած է  Սուրբ Գիշերուայ Զատկական հսկումը՝ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի գլխաւորութեամբ,  որուն առթիւ Նորին Սրբութիւնը Սուրբ Պետրոսի Պազիլիքայի գաւիթին մէջ կ՛օրհնէ նոր կրակը ապա Զատկական Մոմով մուտք կը գործէ Պազիլիքա ուր կը նախագահէ Խօսքի, Մկրտութեան ու Սուրբ Հաղորդութեան խորհուրդները։  Իսկ Ապրիլ մէկին Տօնն է մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի հրաշաբար Յարութեան։  Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը առաւօտեան ժամը 10.00ին, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ կը գլխաւորէ սուրբ պատարագի արարողութիւնը որուն աւարտին  Սուրբ Պետրոսի կեդրոնական պատշգամէն, համայն աշխարհին կ՛ ուղղէ ''Urbi et Orbi – Հռոմ քաղաքին ու համայն աշխարհին'' ուղղուած աւանդական պատգամն ու առաքելական օրհնութիւնը։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.